ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՅՈՅՍ ՅԱՅՏՆԵՑ ԻՐԱԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՏԵՍՆԵԼ ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յոյս յայտնեց, թէ իրական փոփոխութիւններ կը տեսնեն Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու մէջ։

Երէկ, դէպի Վարշաւիա պաշտօնական այցելութեան շրջանակներէն ներս, Նիկոլ Փաշինեան ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Լեհաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Վարշաւիոյ մէջ ան ընդունուեցաւ Լեհաստանի նախագահին եւ խորհրդարանի նախագահին կողմէ։ Վարչապետը ծաղկեպսակ մը զետեղեց Անծանօթ զինուորի շիրիմին, այցելեց Լեհաստանի Գեղարուեստական թանգարանը եւ մէկտեղուեցաւ տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Ի լրումն այս բոլորին, Լեհաստանի միջազգային յարաբերութիւններու հաստատութեան երդիքին տակ Նիկոլ Փաշինեան մէկտեղուեցաւ օտարերկրեայ դեսպաններու, դիւանագէտներու եւ վերլուծական կեդրոններու ներկայացուցիչներու հետ։

Վարչապետ Փաշինեան այս փուլին անդրադարձաւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի այժմու վիճակին։ Իր խօսքով՝ Հայաստան-Թուրքիա ցամաքային սահմանի բացումը կախում ունի Թուրքիայէն, Հայաստանի կողմէ չկայ որեւէ խոչընդոտ։ «Շատ շուտով ցամաքային սահմանի բացման գծով ինչ-որ զարգացում կ՚ըլլայ», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։

Վարշաւիոյ շփումներու գագաթնակէտը բնորոշեց Նիկոլ Փաշինեանի եւ Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Թուսքի հանդիպումը։ Տոնալտ Թուսք բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Երեւան-Վարշաւիա համագործակցութեան շուրջ։ Փաշինեանն ալ, իր հերթին, շեշտեց, որ կը ձգտին զարգացնել Հայաստան-Լեհաստան բազմաոլորտ համագործակցութիւնը։ Ի դէպ, երկու վարչապետներու ներկայութեամբ, Հայաստանի եւ Լեհաստանի միջեւ ստորագրուեցաւ ռազմաթեքնիք համագործակցութեան ուղղեալ համաձայնագիր մը։

Թուսքի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ Ատրպէյճանի հետ հաստատուած խաղաղութիւնը շատ դրական ազդեցութիւն կը գործէ Հայաստանի տնտեսական կեանքին վրայ։ Բաց աստի, վարչապետը ընդգծեց, որ Եւրոմիութիւնը Հայաստանի ամենայուսալի գործընկերն է՝ ժողովրդավարութեան ամրապնդման հարցին մէջ։

Ուրբաթ, Փետրուար 27, 2026