ՋԱՆՔԵՐ՝ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Երեւան եւ Լոնտոն կը ձգտին իրենց յարաբերութիւնները բարձրացնել ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի։ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան երէկ ընդունեց Անգլիոյ Եւրոպայի, Հիւսիսային Ամերիկայի եւ անդրծովային տարածքներու պետական նախարար Սթիւըն Տաութին։ Այսպէս, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Անգլիա ռազմավարական երկխօսութեան երկրորդ փուլը։ Նախորդ ժողովը 2023-ին տեղի ունեցած էր Լոնտոնի մէջ։

Կողմերը վերահաստատեցին իրենց վճռական յանձնառութիւնը տարածաշրջանային եւ կլոպալ մակարդակներու վրայ ժողովրդավարութեան, իրաւունքի գերակայութեան եւ մարդու հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ՝ խարսխուած ընդհանուր արժէքներու, միջազգային իրաւունքի, ժողովրդավարական սկզբունքներու եւ կանոններու վրայ հիմնուած միջազգային կարգի նկատմամբ յարգանքով։ 

Կողմերը համաձայնեցան յարաբերութիւնները բարձրացնել ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի։ Քննարկուեցան անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերեալ հարցեր։ 

Բանակցութիւններու ընթացքին յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Հարաւային Կովկասը։ Անգլիա ողջունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջերս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները։ Կողմերը վերահաստատեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաղորդակցութեան ուղիներու բացման կարեւորութիւնը՝ տարածաշրջանի եւ յարակից տարածաշրջաններու խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման խթանման առումով՝ հիմնուած փոխադարձութեան, պետութիւններու ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ իրաւազօրութեան նկատմամբ յարգանքի վրայ։ 

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւս ընդունեցին անգլիացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը։ Նիկոլ Փաշինեանի մօտ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Անգլիա համագործակցութեան ապագայ զարգացման եւ ընդլայնման վերաբերեալ շարք մը հարցեր։ Կարեւորուեցաւ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ տնտեսական նախագծերու ուղղութեամբ ուսումնասիրութիւններու իրականացումը, ներդրումային համատեղ ծրագրերու իրականցումը, անգլիական ընկերութիւններու՝ առաւել աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը Հայաստանէ ներս ենթակառուցուածքային եւ այլ բնոյթով նախագիծերու։

Միւս կողմէ, Սթիւըն Տաութ Երեւանէն առաջ այցելեց Պաքու, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Ան Պաքուի մէջ յայտարարեց, որ Անգլիա պատրաստ է աջակցիլ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2025