ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԱՅԻՆ ՄԱՀ ՄԸ
«Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը այսօր արձագանգ հանդիսացած է մեր համայնքէն Հռիփսիմէ Սայրինի առեղծուածային մահուան։ Ան 79 տարեկանին մահացած է անցեալ մայիսի 24-ին։ Հռիփսիմէ Սայրին եղած է այրի, անզաւակ եւ բարեկեցիկ անձնաւորութիւն մը։
Պարըշ Թերքօղլուի ստորագրութեամբ կատարուած հրապարակումը շատ ուշագրաւ գայթակղութեան մը վրայ լոյս կը սփռէ՝ ողբացեալ Հռիփսիմէ Սայրինի ժառանգին տեսակէտէ։ Անոր միակ պաշտօնական ժառանգը եղբայրն է՝ Օննիկ Տելլալօղլու։ Ժառանգը, ըստ էութեան, պէտք է վիճակէր անոր։ Հռիփսիմէ Սայրին, որ կը բնակէր Մասհաթթընի մէջ, ունէր ութ արժէքաւոր կալուած, նաեւ դրամատուներու կամ ելմտական այլ հաստատութիւններու մէջ կարեւոր չափով գումար։ Հանգուցեալը 2023 թուականի մարտին, լիարժէք գիտակից վիճակի մէջ, սեփական ձեռագրով կտակ մը գրի առած էր։ Ան բացատրած էր, թէ իր ստացուածքը ինչպէ՛ս պիտի բաժնուէր՝ եղբօրը զաւակներուն, ինչպէս նաեւ որբանոցներու գլխաւորութեամբ համայնքային բարենպատակ հաստատութիւններուն միջեւ։ Կտակին մէջ մանրամասն նկարագրած էր, թէ ինչպէս յուղարկաւորուիլ ու թաղուիլ կը փափաքէր։ Կտակին մէջ նոյնիսկ բացատրուած էր, թէ թանկարժէք իւղանկարները ինչ պիտի ըլլային։ Յամենայնդէպս, այս բոլորէն վերջ, լուսահոգի Հռիփսիմէ Սայրինի մահուան օրը ի յայտ եկած է բոլորովին նոր կտակ մը, որ անոր մահէն քանի մը ժամ առաջ պատրաստուած է, ձեռագիրն ալ իրեն չէ պատկանած։ Ըստ այդ կտակին, Հռիփսիմէ Սայրին ամբողջ ստացուածքը թողած է 1982 թուականին ծնած Ֆըրատ Պարան Տուրմազին, որ կը բնակի Ֆաթիհի մէջ։ Թերթը կը հաղորդէ, որ 43-ամեայ տուեալ անձնաւորութիւնը BBP կուսակցութեան Ավճըլարի մասնաճիւղի հիմնադիր նախագահը եղած է։ Հանգուցեալի եղբօրը ուսումնասիրութեան հիման վրայ պարզուած է այս երեւոյթը։
Հրապարակումներուն մէջ մատնանշուած է, թէ Սայրինին մահացած օրը հիւանդանոցի մէջ բանաձեւուած մահուան արձանագրութեան տակ ալ Տուրմազի ստորագրութիւնը գտնուած է, որպէս իր եղբօրորդին, ինչ որ իրականութեան չի համապատասխաներ։
Հրապարակումներուն մէջ նշուած է, որ այս բոլոր զեղծարակական հանգամանքներուն զուգահեռ՝ խնդիրը ունի նաեւ կասկածայարոյց այլ պարագաներ։ Արդարեւ, Հռիփսիմէ Սայրին լուրջ առողջական խնդիրէ մը չէ տառապած, ուստի, այժմու պայմաններով օրակարգի վրայ է՝ մեռցուա՞ծ է, թէ մահացած։
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ այժմ թէ՛ ընտանիքը եւ թէ համայնքային վաքըֆները կ՚ակնկալեն, թէ դատական իշխանութիւնները հարթեն այս բարդ թղթածրարը։