ԱՐԱԳԱՑՆԵԼ ԵՐԱՇԽԻՔՆԵՐԸ

Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութիւնը կը շարունակուի ամբողջ թափով եւ միջազգային բեմահարթակի վրայ միշտ կը մնայ առաջնահերթութիւն։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հետամուտ է հունի մէջ դնելու ծրագիր մը, որու նպատակն է պատերազմին վերջ տալ։ Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ շփումները դարձեալ խտացած են ստեղծուած իրավիճակին մէջ։ Սպիտակ տունը յարատեւ աշխատանք կը տանի Քրեմլինի հետ, սակայն, հարցերը այսքանով սահմանափակուած չեն։ Ամերիկեան կողմը Քիեւի ղեկավարութեան դիրքորոշումը հաշուի կ՚առնէ, նաեւ զուգահեռաբար՝ Եւրոպայէն բարձրացած ձայները ուղղակիօրէն կը պայմանաւորեն գործընթացը։ Ուքրայնային աջակցութիւն կը տրամադրեն «Կամեցողներու համախոհութեան» երկիրները, որոնք, ըստ էութեան, Եւրոպայի յառաջատար դերակատարներն են։

Երէկ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն, Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր եւ Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց տեսակապով հանդիպում մը ունեցան ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի հետ։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով՝ համաձայնութիւն գոյացաւ, որպէսզի ԱՄՆ-ի հետ համատեղ գործունէութիւնը արագացուի՝ Ուքրայնայի համար անվտանգութեան երաշխիքներու մշակման ուղղութեամբ։ Մաքրոնի, Սթարմըրի եւ Մերցի համատեղ յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ վերոյիշեալ համախոհութեան երեսունհինգ երկիրներու ներկայացուցիչները հետեւած են տեսակապով հանդիպման։ Մաքրոնի, Սթարմըրի եւ Մերցի համանախագահած առցանց հանդիպման միացան նաեւ Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոստա, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն եւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէ։

Ռուպիօ եւ Զելենսքի ժողովականներուն բացատրութիւններ տուին՝ նախօրէին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն շուրջ։ Մասնակիցները ողջունեցին այն հաւաստիացումը, թէ Եւրոպայի եւ ՆԱԹՕ-ի շահերուն վերաբերեալ հարցերը կը քննարկուին առանձին՝ թէ՛ Եւրոպայի գործընկերներու եւ թէ ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներու լիակատար ներգրաւմամբ։ Կողմերը ողջունեցին Թրամփի պատերազմի դադրեցման ուղղեալ ջանքերը՝ ընդգծելով, որ որեւէ լուծում պէտք է լիովին ներառէ Ուքրայնան։

Իր կարգին, Մարք Ռութէ հաւանական նկատեց, որ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութիւնը աւարտի մինչեւ տարեվերջ։ «Ես կը փափաքիմ հնարաւոր ամէն ինչ ընել, որպէսզի ԱՄՆ-ի նախագահ Թրամփին օգնեմ իրականացնելու համար կարգաւորման իր տեսլականը», ըսաւ ան։ Մեկնաբանելով կարգաւորման ուղղեալ ամերիկեան առաջարկը՝ Ռութէ յայտնեց, որ այդ մէկը կը պարունակէ թէ՛ հիմնաւորուած տեսակէտներ եւ թէ այլ տեսակէտներ, որոնք կը պահանջեն մշակումներ ու երկխօսութիւն։

Ըստ Ռութէի՝ առանձին կէտերու շուրջ բանակցութիւնները բարդ են ու կրնան բաւական երկար ժամանակ պահանջել։ Ընդհանուր քարտուղարը, որպէս օրինակ ցոյց տուաւ Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի միջեւ ապագայ սահմանները։

Իր կարգին, Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնն ալ յայտնեց, որ սահմանները չեն կրնար փոփոխութեան ենթարկուիլ բռնութեամբ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2025