ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Պաքու 2026 թուականին պիտի շարունակէ երկխօսութիւնը Հայաստանի հետ՝ խաղաղութեան գործընթացը յառաջ մղելու նպատակով։ 

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ներկայ տարին ամփոփուելու նպատակով սարքած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ճէյհուն Պայրամով դիտել տուաւ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վստահութեան ամրապնդման ջանքերը աշխուժացած են։ Իր խօսքով՝ Ատրպէյճանէն տարանցումով Հայաստան հացահատիկի մատակարարումները եւ Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանէ նաւթամթերքի գնումը վստահութեան ամրապնդման դրական գործընթացներ են։ 

Բաց աստի, Ճէյհուն Պայրամովի խօսքով՝ տարածաշրջանէ ներս հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման ուղղեալ TRIPP նախագիծը պիտի նպաստէ Հարաւային Կովկասէ ներս միասնութեան ամրապնդման։ Նախարարը համոզուած է, թէ Հայաստան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ TRIPP-ի պարագային պէտք է համագործակցին Ատրպէյճանի հետ, որովհետեւ այդ երթուղիի մուտքն ու ելքը պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի տարածքին մէջ։

Այս բոլորէն վերջ, Պայրամով հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ այն պնդումը, թէ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը տարածքային պահանջներ կը պարունակէ Ատրպէյճանէն, ուստի պէտք է ենթարկուի փոփոխութեան։ Պայրամով դիտել տուաւ, որ միայն այդ Սահմանադրութեան փոփոխութեան եւ TRIPP նախագծի շրջանակներէն ներս Հայաստանի կողմէ իր պարտաւորութիւններու կատարման պարագային պիտի ստորագրուի՝ արդէն իսկ նախաստորագրուած խաղաղութեան պայմանագիրը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2025