ԱՄՈՒՍՆԱԼՈՒԾՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան որոշած են ամուսնալուծուիլ։ Այս մասին երկուքն ալ տեղեկացուցած են ընկերային ցանցերու միջոցաւ։ Նիկոլ Փաշինեան եւ Աննա Յակոբեան ի սկզբանէ կը կենակցէին անպաշտօն։ Միջոց մը առաջ Աննա Յակոբեան հաղորդած էր, որ վերջ կը գտնէ իրենց քաղաքացիական ամուսնութիւնը։ Սա շատերու կողմէ այնպէս մեկնաբանուած էր, որ անոնք որոշած են այլեւս պաշտօնականացնել իրենց ամուսնութիւնը։ Յամենայնդէպս, երէկուան յայտարարութիւններով քարերը արդէն վերջնականօրէն ինկան իրենց տեղը։ Նիկոլ Փաշինեան եւ Աննա Յակոբեան, որոնք ունին չորս զաւակ, արդէն որոշած են ամուսնալուծուիլ։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, Աննա Յակոբեան որոշած է դուրս գալ՝ պետութեան կողմէ վարչապետին տրամադրուած պաշտօնական բնակարանէն, որ Երեւանի մէջ ընդարձակ առանձնատուն մըն է։

Շաբաթ, Փետրուար 28, 2026