ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԹԱՏՐՈՆԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ԵՐԵԿՈՅԹ

Համաշխարհային թատրոնի օրուան առթիւ, երէկ երեկոյեան, «Ճաշ սալոն»ի մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր հաւաքոյթ մը, որուն մասնակցութիւն բերին գեղարուեստասէր շրջանակներէն բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։ Յայտնի թատերական գործիչ, դերասան ու բեմադրիչ Պօղոս Չալկըճըօղլու այս երեկոյթի ատենախօսն էր։ Նկատի ունենալով, որ ան նաեւ թատրոնի պատմութեան մասնագէտ մըն է՝ Պօղոս Չալկըճըօղլու երեկոյթի ընթացքին հպանցիկ ակնարկ մը նետեց թատերական արուեստի անցեալին վրայ՝ մասնաւորապէս կանգ առնելով թրքահայ թատրոնին վրայ։ Յարաբերաբար աւելի մօտաւոր անցեալին անդրադառնալու ժամանակ յայտնի արուեստագէտը մանրամասնօրէն կանգ առաւ նաեւ պոլսահայ միութիւններէ ներս զանազան թատերախումբերու կողմէ ծաւալւած գործունէութեան վրայ։ Չալկըճըօղլուի խօսքերուն ուղղորդուած զրոյցի ընթացքին, մտերմիկ ասուլիսի մը ձեւաչափին մէջ, երեկոյթի ընթացքին ոգեկոչուեցան այն գրեթէ բոլոր նուիրեալները, որոնք թրքահայ թատրոնին իրենց ներդրումը բերած են։ 

Հանդիսութեան ընթացքին թէ՛ արուեստագէտները եւ թէ թատերասէր ներկաները ջերմօրէն շրջապատեցին Պօղոս Չալկըճըօղլուն, որու ելոյթէն վերջ ալ զրոյցը շարունակուեցաւ եւ բոլորը անկեղծ մաղթանքներ փոխանակեցին, որպէսզի թրքահայ թատրոնի աւանդութիւնները ըլլան յարատեւ։

Ուրբաթ, Մարտ 28, 2025