ԿԱՆԽԵԼ ՎՐԷԺԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆԸ
Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու գծով պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւ նշեց, որ իր երկիրը կը փափաքի, որպէսզի հայ ժողովուրդը վերջ դնէ Ատրպէյճանի դէմ բոլոր տարածքային պահանջներուն՝ Սահմանադրութեան համապատասխան փոփոխութիւններու միջոցաւ։ Գերմանական «Berliner Zeitung» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ ան նշեց, որ կարեւոր է ծայր աստիճան զգօն ըլլալ հայկական հանրութեան մէջ վրէժխնդրութեան նոր ալիքի դէմ։ «Հայաստան պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ սեփական հանրութեան վրայ։ Կը հաւատամ, թէ այդ երկրի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնները կը դառնան կարեւոր քայլ նման գործընթացներու դադրեցման ուղղութեամբ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը պէտք է յանձնուի պատմութեան արխիւին։
Հիքմէթ Հաճիեւ դիտել տուաւ, որ Երեւան-Պաքու բանակցութիւններուն մէջ չի քննարկուիր փոխհատուցումներու հարցը։ Այդուհանդերձ, Ատրպէյճան համապատասխան գնահատական կ՚իրականացնէ իր ենթարկուած վնասներուն շուրջ։ Այսպէս, Ատրպէյճանի վնասը շուրջ 150 միլիառ ամերիկեան տոլար է։
«Տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն կը տիրէ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ օրակարգի վրայ այլեւս չկան ռազմական բախումներ կամ լարուածութիւն», ըսաւ Հաճիեւ։