Ուրբաթ 29, Օգոստոս 2025
ԶԱՐԳԱՑՆԵԼ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իթամար Պեն-Կվիր վերջին օրերուն այցելեց Թիֆլիզ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէի եւ ներքին գործոց նախարար Կելա Կելածէի հետ։
«Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, հանդիպումներու ընթացքին կողմերը անդրադարձան իրաւապահ մարմիններու միջեւ ստեղծուած սերտ եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան՝ կարեւորելով փորձառութեան փոխանակումը։ Պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Վրաստան պատրաստակամութիւն յայտնած է զանազան ոլորտներէ ներս Իսրայէլի հետ գործընկերութիւնը ընդլայնելու համար։
Հինգշաբթի, Օգոստոս 28, 2025