ՆԱՐԵԿ ՄԿՐՏՉԵԱՆ ԱՄՆ-Ի ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆ

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկին հիման վրայ, Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ստորագրեց հրամանագիր մը, որով երկիրը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ունեցաւ նոր դեսպան մը։ Այսպէս, Նարեկ Մկրտչեան նշանակուեցաւ Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան։ Այս նոր պաշտօնին մէջ Նարեկ Մկրտչեան կը յաջորդէ Լիլիթ Մակունցին, որ 2021 թուականի օգոստոսէն ի վեր Ուաշինկթընի մէջ կը պաշտօնավարէր՝ որպէս Հայաստանի դեսպան։ Նորանշանակ դեսպանը՝ Նարեկ Մկրտչեան մինչեւ վերջին օրերը Հայսատանի կառավարութենէն ներս կը զբաղեցնէր աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնը։ Մկրտչեան նախարար նշանակուած էր 2021 թուականի օգոստոսին։

Այսպէսով, վարչապետ Փաշինեանի լծակիցներէն Լիլիթ Մակունց Ուաշինկթընէն կը վերադառնայ Երեւան եւ իր փոխարէն դեսպանի պաշտօնը կը ստանձնէ Նարեկ Մկրտչեան։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 28, 2025