«99 ՏԱՐՈՒԱՅ ՄԱՍԻՆ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՌԱՅԺՄ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՈՐԵՒԷ ԿԱՊ ՉՈՒՆԻՆ ԵՒ ՀՈՂԻ ՍԵՓԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՎԻՃԱՐԿՈՒԻԼ»
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ երեկոյեան Հանրային հեռուստատեսութեան տուաւ հարցազրոյց մը, որու ընթացքին նշեց, թէ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութիւնը այլեւս իրողութիւն է։ Անդրադառնալով օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նախաստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագրին՝ ան ըսաւ.
«Մենք չենք ըսեր՝ կնքուած է համաձայնագիր։ Այո, նախաստորագրուած է, գործողութիւններ պիտի ըլլան, սակայն, կ՚ենթադրեմ՝ ապագայ ստորագրման, վաւերացման փուլերը իրենց կշիռով գուցէ նոյնիսկ պիտի չկարողանան գերազանցել այս նախաստորագրումը։ Թէ ինչո՞ւ նախաստորագրուած է եւ ոչ թէ ստորագրուած։ Մենք տակաւին պէտք է խնամենք, աճեցնենք այդ խաղաղութիւնը, հարցեր կան, աշխատանք կայ մեր առջեւը, շատ ըսելիք կայ։ Խաղաղութեան պայմանագրին մէջ չկայ դրոյթ մը, որ էականօրէն լաւ է երկիրներէն մէկուն համար եւ էականօրէն վատ է մէկ այլ երկրի համար»։
Արարատ Միրզոյեան, ըստ էութեան, հարցազրոյցի ընթացքին կրկնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին օրերու բանաձեւումներն ու յայտարարութիւնները։ Լրատուամիջոցները կը տեղեկացնեն, որ ան չէ կրցած յստակ պատասխան մը տալ այն հարցման, թէ արդեօք ապագային հայ մաքսաւորը պիտի կարողանա՞յ ստուգել ատրպէյճանցիները կամ ոչ։ Գործնականօրէն մէջբերելով վարչապետ Փաշինեանի խօսքերը Արարատ Միրզոյեան նշեց.
«Մենք հասանելիութիւն պիտի ստանանք Ատրպէյճանի ենթակառուցուածքներուն, բնականաբար, Ատրպէյճան հասանելիութիւն պիտի ստանայ մեր ենթակառուցուածքներուն՝ նեռարեալ Հայաստանի տարածքով անխոչընդոտ ճանապարհ պիտի ստանան կապուելու համար Նախիջեւանի հետ եւ փոխադարձաբար Հայաստանի համար առաւելութիւններով միջազգային եւ պետական ներքին փոխադրութեան շարժի տեսակէտէ։ Այս ենթակառուցուածքներու բացումէն առաջ պէտք է ըլլայ սահմանազատում, պէտք է այս կողմէ դրուի Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշակը եւ այն կողմէն Ատրպէյճանի դրօշակը, պէտք է կառուցուի սահմանային անցակէտ մը, պէտք է ըլլան սահմանային ծառայութիւններ, սա պիտի ըլլայ երկու երկիրներու ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ իրաւազօրութեան շրջանակէն ներս, պայմանաւորուած ենք, ամէն ինչ գրուած է»։
Անդրադառնալով Հայաստանի հարաւին՝ Իրանի սահմանին զուգահեռ նախատեսուած TRIPP անցուղիին, որ տարանցիկ պիտի դառնայ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ եւ այդ մէկը թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Ատրպէյճանի կողմէ արդէն սկսուած է մատուցուիլ՝ որպէս Զանգեզուրի միջանցք՝ Արարատ Միրզոյեան պարզաբանեց. «Այդ հողը, որով պիտի անցնի ենթակառուցուածքը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ, որմէ պիտի օգտուին նաեւ Ատրպէյճանի գնացքները, պիտի պատկանի Հայաստանի Հանրապետութեան»։
Սպիտակ տան մէջ օգոստոսի 8-ին կազմակերպուած եռակողմանի գագաթաժողովէն վերջ կատարուած յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ ալ նախարար Միրզոյեան ըսաւ. «99 տարուայ մասին խօսակցութիւնները առայժմ իրականութեան հետ որեւէ աղերս չունին։ Հողի սեփականութիւնը չի կրնար վիճարկուիլ»։
Արարատ Միրզոյեանի խօսքով, Սպիտակ տան մէջ նախաստորագրուած երկկողմանի պայմանագիրն ու ստորագրուած եռակողմանի հռչակագիրը կը բխին երկու երկիրներու տեսակէտէ փոխշահաւէտութենէ եւ կառուցուած են այդ հիմքին վրայ։ Ան այս միտքը արտայայտեց՝ պատասխանելով այն հարցման, թէ աշխարհի վրայ շատ եղած են դէպքեր, երբ պայմանագրեր խախտուած են։ Հետեւաբար, ներկային հանրային կարծիքի մէջ կը շարունակէ հարցական մնալ, թէ ո՞րն է երաշխիքը, թէ օգոստոսի 8-ին նախաստորագրուած Հայաստան-Ատրպէյճան պայմանագիրը պիտի չխախտուի։