ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն Անդրանիկ Սիմոնեան Թիֆլիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Վրաստանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար Մամուքա Մտինարածէի հետ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան գործընկերային համագործակցութեան ապագայ խորացման վերաբերեալ հարցեր։ Կողմերը արժեւորեցին տարածաշրջանային մարտահրաւէրները, որոնց լոյսին տակ շօշափուեցան անվտանգութեան ոլորտէն ներս համագործակցութիւնը զարգացնելու հնարաւորութիւնները։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2025