ՏԱՐԱՆՑՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՔԱՅԼԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ երկիրը այսօր իսկ պատրաստ է ապահովել բեռնատարներու տարանցումը Թուրքիայէն դէպի Հայաստան եւ հակառակ ուղղութեամբ՝ Մարգարա-Եղէգնաձոր-Սիսիան-Գորիս երթուղիով։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ մը ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս՝ մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին, 2026 թուականի պետական պիւտճէի նախագծի քննարկումներու ծիրէն ներս։ Ան այս փուլին շեշտեց, որ Հայաստանի ճանապարհները՝ մինչեւ Գորիս եւ մինչեւ Կոռնիձոր կը գտնուի լաւ վիճակի մէջ։ «Ինչպէս Ատրպէյճան մեզի համար դադրեցուց տարանցման սահմանափակումները, այնպէս ալ մենք կը դադրեցնենք տարանցման սահմանափակումները», ըսաւ ան։

Երեսփոխաններու ներկայութեամբ Փաշինեան վերահաստատեց, որ անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Ուաշինկթընի հիւրընկալած գագաթաժողովին ժամանակ նախաստորագրուած խաղաղութեան պայմանագիրէն վերջ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան հաստատուած ըլլալը փաստ է։

Խորհրդարանէն ներս Նիկոլ Փաշինեան երեսփոխաններու նկատառման յանձնեց, որ 2026 թուականը վճռական նշանակութիւն պիտի ունենայ խաղաղութեան համար։ Նկատի ունենալով, որ յաջորդ տարի ընտրութիւն նախատեսուած է՝ Փաշինեան կ՚ակնկալէ, որ Հայաստանի ժողովուրդը տէր կանգնի խաղաղութեան։

«Եւ այդ ընտրութիւնները ունին առանցքային հարցում մը, որու պատասխանը պէտք է տրուի։ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդը պէտք է տէր կանգնի խաղաղութեան իր ընտրութեամբ։ Սա յառաջիկայ ընտրութիւններու առանցքային քաղաքական իմաստն ու նպատակն է։ Հակառակ իրավիճակը Հայաստանը ետ կը գլորէ դէպի հակամարտութիւն։ Խաղաղութեան տէր կանգնելով՝ Հայաստանի ժողովուրդը տէր կը կանգնի նաեւ իր անկախութեան այս նորընծայ մակարդակին, իր ինքնիշխանութեան եւ իր պետութեան», ըսաւ ան։ 

Վարչապետը յիշեցուց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ մէկ տարի ութ ամիսէ ի վեր ոեւէ զինուոր չէ զոհուած փոխհրաձգութեան հետեւանքով։ Ան աւելցուց, որ հայկական բանակը Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններէն դուրս լուծելու որեւէ խնդիր չունի։ Վարչապետին խօսքով՝ մարտունակ բանակի հասկացութիւնը պէտք է փոխարինուի պաշտպանունակ բանակով։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2025