ՍԸՆՏԸՐԿԸԻ ՄԷՋ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ
Պալըքէսիրի Սընտըրկը գաւառակին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ երկրաշարժ մը՝ ռիխթերեան չափանիշով 6.1 սաստկութեամբ։ Ժամը 22.48-ին պատահեցաւ երկրաշարժը, որ զգալի դարձաւ Մարմարայի եւ Եգէականի շրջանի բազմաթիւ քաղաքներու մէջ։
Նոյնպէս Սընտըրկըի մէջ, անցեալ օգոստոսի 10-ին նոյն սաստկութեամբ երկրաշարժ մը պատահած էր՝ խլելով երեք զոհ։ Երէկուան ցնցման հետեւանքով փուլ եկան այն շէնքերը, որոնք նախորդ երկրաշարժին ժամանակ վնաս կրած էին։ Բարեբախտաբար փուլ եկած շէնքերը աւելի առաջ դատարկուած էին՝ վնաս կրած ըլլալու պատճառով։ Երէկուան երկրաշարժին հետեւանքով 22 հոգի վիրաւորուեցաւ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ ցնցումէն անմիջապէս վերջ ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակեց պատգամ մը։
Երկրաշարժէն վերջ տեղի ունեցան տասնեակ յետցնցումներ։ Էփիկեդրոնը կը գտնուէր 5,99 քիլօմեթր խորութեան վրայ։ Ժողովուրդը գիշերեց փողոցը՝ մինչ եղանակը բաւական աննպաստ էր անձրեւի եւ փոթորիկի հետեւանքով։
Պալըքէսիրի մէջ այսօր դպրոցները փակ են։ Հանրային կառոյցներու անձնակազմին մէկ մասն ալ արտօնեալ համարուած է։ Ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայա տեղեկացուց, որ ոստիկան զօրքերը յարակից գիւղերու մէջ որեւէ փուլ եկած շէնք չեն ստուգած։
Նկատի ունենալով, որ երկրաշարժը Իսթանպուլի մէջ ալ զգալի դարձաւ՝ «Սապիհա Կէօքչէն» օդակայանի թռիչքները որոշ ժամանակ դադրեցուեցան եւ այդ ընթացքին քննուեցաւ թռիչքուղիներու կացութիւնը։