ԹՐԱՄՓԻ ՃԱԲՈՆ ԱՅՑԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ դէպի Թոքիօ այցելութեան շրջանակներէն ներս ընդունուեցաւ Ճաբոնի Նարուհիթօ կայսեր կողմէ։ Ան տեսակցեցաւ նաեւ Ճաբոնի վարչապետ Սանաէ Թաքաիչիի կողմէ, որ տեղեկացուց, թէ Թրամփը պիտի առաջադրէ՝ Նոպելի խաղաղութեան մրցանակին։

Թոքիոյի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը, որու նպատակն է կողմերու միջեւ նոր ոսկէ դարաշրջանի մը սկիզբը ապահովել։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2025