ԷՐՏՈՂԱՆԷՆ ԵՒ Ս. ՊԱՊԷՆ ԴՐԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ
Թուրքիա ամենաբարձր մակարդակի վրայ եւ ամենաջերմ մթնորոլտի մէջ կը հիւրընկալէ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը։ Միջազգային գետնի վրայ վառ ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ Սրբազան Քահանայապետի առաքելական այցելութիւնը, որ համաքրիստոնէական պատմական իրադարձութիւն մը կը համարուի՝ քանի կազմակերպուած է Նիկիոյ առաջին տիեզերաժողովի 1700-ամեակի յոբելեանին առթիւ։ Այցը առիթ դարձած է նաեւ, որպէսզի Անգարա-Վատիկան առանցքին վրայ արժեւորուին միջազգային հրատապ օրակարգին վերաբերեալ բազում խնդիրներ։ Սրբազան Պապի Թուրքիա այցելութեան ծրագրի առաջին կանգառն էր մայրաքաղաք Անգարան, ուր զինքը «Էսէնպողա» օդակայանին մէջ ողջունեց Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ։ Սրբազան Քահանայապետը օդակայանէն ուղղակի առաջնորդուեցաւ Աթաթիւրքի յուշադամբանը։ Իսկ «Անըթքապիր»էն վերջ Սրբազան Պապը անցաւ Պեշթեփէի համալիրը, ուր Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան զինքը դիմաւորեց պետական արարողակարգով, զինուորական շքերթով։ Աւելի վերջ Հանրապետութեան նախագահը եւ Սրբազան Քահանայապետը ունեցան առանձնազրոյց մը, որու աւարտին գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։
Այս բոլորէն վերջ, Պեշթեփէի համալիրի «Միլլէթ» գրադարանի «Ճիհաննիւմա» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Ս. Պապին ի պատիւ մասնաւոր հանդիսութիւն մը։ Երաժշտական կատարումներով պատրաստուած յայտագրի առանցքը կազմեցին նախագահ Էրտողանի եւ Սրբազան Պապի ելոյթները։ Անոնք այս փուլին դրական պատգամներ տուին համայն աշխարհին։ Էրտողան ուշադրութիւն հրաւիրեց Կազզէի ողբերգութեան վրայ եւ բացատրեց համաշխարհային խաղաղութեան հետամուտ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած ջանքերը։ Նախագահը համակեցութեան ուղղեալ արտայայտութիւններ ալ ունեցաւ՝ ընդգծելով Թուրքիոյ մէջ զանազանութիւններու նկատմամբ ցուցաբերուած շինիչ վերաբերմունքը։
Իր կարգին, Սրբազան Պապն ալ նշեց, որ համաքրիստոնէական աշխարհին տեսակէտէ Թուրքիա շատ կարեւոր երկիր մըն է, որովհետեւ իր տարածքէն ներս կը գտնուին շատ յատկանշական բազում կոթողներ։
Այս ընդունելութեան հրաւիրուած էին նաեւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները՝ ներառեալ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Սրբազան Պապի Անգարայի մէջ ներկայութեան բոլոր փուլերուն մասնակցեցաւ նաեւ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեան, որ կարգադիր յանձնախումբի գործունէութիւնը կը համակարգէր։ Հրաւիրեալներու շարքին էր նաեւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը, որու հետ միասին Սրբազան Քահանայապետը կը հանդիսապետէ Նիկիոյ առաջին տիեզերաժողովի 1700-ամեակի արարողութեան։
Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Անգարայի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ կրօնից տեսուչ փրոֆ. Սաֆի Արփակուշի հետ։
Երէկ երեկոյեան, աւարտելով մայրաքաղաքի ծրագիրը՝ Սրբազան Պապը անցաւ Իսթանպուլ։ Ան այս առաւօտ Հարպիէյէի Սեն թ՚Էսփրի եկեղեցւոյ մէջ խորհրդակցութեան մը մասնակցեցաւ բարձրաստիճան հոգեւորականներու հետ։ Աւելի վերջ Ս. Պապը այցելեց Պոմոնթիի Ֆրանսական աղքատախնամի ծերանոցը։ Օրուան երկրորդ կէսին տեղի կ՚ունենան յոբելենական արարողութիւնները Նիկիոյ մէջ. Ս. Պապը այնտեղ կը ճամբորդէ ուղղաթիռով։
