ԵՐԱՇԽԱՒՈՐԵԼ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ
Պաքուի դիւանագիտութեան ղեկավարը, մեղմ ըսելաձեւով, խանդավառ չէ Երեւանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի բովանդակութեան շուրջ կայացած համաձայնութենէն: Այն տպաւորութիւնը կը ձգուի, թէ Ատրպէյճան կա՛մ ճնշումի տակ կայացուցած է նախագիծին շուրջ համաձայնութիւնը կա՛մ ալ պատրուակներ առաջ կը քշէ՝ վիժեցնելու համար անոր ստորագրումը: Մինչ այդ առաւելագոյնը ստանալու համար դիմացի կողմէն թէ՛ Թուրքիան եւ թէ Ատրպէյճանը կը բարձրացնէին նշաձողի պահանջները: Անգարան պարզ դարձուց, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման նախադրեալներ չկան՝ միշտ փոխկապակցելով Թուրքիոյ ուղղութեամբ յարաբերութիւններու հաստատումը Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի կնքումին հետ:
Մինչ միջազգային ընտանիքի անդամները կը համալրեն համաձայնութիւնը ողջունած երկիրներու ցանկը, Պաքու նոր նախապայմաններով, նոր պատրուակներով կը հեռացնէ խաղաղութեան պայմանագիրը: Անտեղի են Երեւանի դրական պահուածքը եւ ընդգծումը, որ համաձայնութեան կէտերը նկատի առած են հայկական կողմի շահերը:
Ի՞նչ են վերաբանաձեւուած կէտերը, որոնք, ըստ Պաքուի՝ կը խոչընդոտեն համաձայնութիւնը:
Ամենէն հիմնականը՝ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող վրէժխնդրական մօտեցումներն են: Կան տարածքային պահանջներ Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի դէմ. անոնք առկայ են Սահմանադրութեան եւ իրաւական այլ փաստադրոյթներու մէջ: Երեւանը այդ բոլորը փոխելու կամք չի դրսեւորեր եւ արտաքին ուժերու աշխոյժ աջակցութեամբ արագընթաց կը սպառազինուի: Այս բոլորը միշտ, ըստ պաշտօնական Պաքուի, կը շարունակեն խոչընդոտել յարաբերութիւններու կարգաւորումը: Տակաւին կայ, ըստ Պայրամովի, 300 հազար ատրպէյճանցի տեղահանուածներու վերադարձի իրաւունքի իրականացման առաջադրանքը:
Վրէժխնդրական մօտեցումի ձեւակերպումը այնքան առաձգական է, որ իւրաքանչիւր յայտարարութիւն, կեցուածք, դիրքորոշում կրնայ ընկալուիլ եւ մեկնաբանուիլ վրէժխնդրութեամբ եւ պատրուակ ծառայել, թէ հայկական կողմը կը խոչընդոտէ յարաբերութիւններու բնականոնացումը:
Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը ժամանակի կարօտող խնդիր է: Տակաւին պարզ չէ հանրաքուէի արդիւնքը: Հետեւաբար, այս խոչընդոտը եւս շուտով վերանալի չէ եւ, ըստ Պաքուի՝ արգելք է համաձայնութեան իրաւականացումին:
Սպառազինումի կէտը ամենէն հիմնականն է: Հայաստան պէտք է դադրեցնէ բանակին սպառազինումը: Այլ խօսքով, ձեռքերը վեր, սպիտակ դրօշով ինքզինք յանձնէ Թուրքիա-Ատրպէյճան դաշինքին: Այստեղ, սակայն, միայն Հայաստանին չէ ուղղուած Ատրպէյճանի ուղերձը: Միջազգային ընտանիքէն կայ յստակ ակնկալութիւն, որ եթէ կ՚ուզեն տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն, ապա պէտք է դադրեցնեն Հայաստանին տրուող ռազմական օժանդակութիւնները:
Վրէժխնդրական մօտեցումներէ հրաժարումէն՝ մինչեւ սպառազինումի դադրեցում, անցնելով Սահմանադրութեան փոփոխութեան պահանջէն, Ատրպէյճան անկախ համաձայնական կէտերէն, կ՚աւելցնէ նոր նախապայմաններ:
Արժանապատիւ խաղաղութեան համար հայկական կողմը սկզբունքով պիտի առաջադրէր.
Ա.- Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէ Ատրպէյճանի զօրքերու հեռացում՝ իբրեւ առաջին իրականանալի կէտ, նախքան որեւէ համաձայնութիւն:
Բ.- Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունք՝ միջազգային անվտանգութեան երաշխիքներու գործիքակազմերու առկայութեամբ:
Գ.- Բոլոր գերիներու, ռազմագերիներու եւ պահուող անձերու անմիջական ազատում:
Դ.- Քննարկելի չնկատել Սահմանադրութեան եւ օրէնսդրութեան փոփոխութեան պահանջները:
Պատահական չէ, որ համաձայնութեան յայտարարութեան առընթեր Պաքուն մեղադրեց հայկական կողմը հրադադարը խախտելու եւ սահմանային գործողութիւններ իրականացնելու յանցանքով: Եւրոպական Միութեան դէտերը հերքեցին Պաքուի յայտարարութիւնները: Այս ապատեղեկատուութիւնը կը տեղաւորուի Պաքուի յայտարարած վրէժխնդրական մօտեցումներու պատրուակներու շարքին՝ իբրեւ խոչընդոտ խաղաղութեան հասնելուն:
Բուն խնդիրը, սակայն, ուժերու հաւասարակշռութեան վերականգնումն է: Առանց անոր, խաղաղութեան փաստաթուղթը միայն թուղթ կրնայ ըլլալ եւ որեւէ կերպ չի կրնար երաշխաւորել խաղաղութեան պահպանումը: Պաքուն փաստեց, որ անվերջ նոր պահանջներ, նոր պատրուակներ, նոր նախապայմաններ պիտի դնէ հայկական կողմին դիմաց: Բանակի վերազինումին, վերականգնումին ու սահմաններու պաշտպանողականութեան մէջ կը կայանայ խաղաղութեան հաստատման գաղտնիքը: Հզօր բանակն է, որ կը յաջողի ետ բերել գերիները, դուրս շպրտել Ատրպէյճանի զօրքերը, պահպանել Անկախութեան հռչակագիր-Սահմանադրութիւն կապը: Այս պայմաններուն մէջ ազգ-բանակ յղացքի վերարծարծումն ու առարկայացումը պիտի զուգորդուին ազգային պետութեան վերակերտումին հետ:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի