ԷՐՏՈՂԱՆ-ՓՈՒԹԻՆ ԶՐՈՅՑ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան համոզուած է, թէ Թուրքիա եւ Ռուսաստան միասնաբար կրնան աշխատիլ, որպէսզի Սուրիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցները ջնջուին ամբողջութեամբ։
Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Բացի երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքէն, զրոյցի ժամանակ երկու ղեկավարները կանգ առին տարածաշրջանային եւ համաշխարհային բնոյթով խնդիրներու վրայ։ Անգարա-Մոսկուա առանցքը բանուկ կը մնայ, երբ միջազգային հրատապ օրակարգի վերաբերեալ խնդիրներուն շուրջ իրադարձութիւնները կը ծաւալուին թափով։
Էրտողան եւ Փութին մասնաւորապէս ուշադրութեան առարկայ դարձուցին Ուքրայնայի հակամարտութիւնը։ Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ Թուրքիա միշտ պատրաստակամ է հրադադարի մը հաստատման նպաստելու համար՝ ներառեալ բանակցութիւններ հիւրընկալելու պարագան։ Բաց աստի, Էրտողան ռուս պաշտօնակցին նկատառման յանձնեց իր մօտեցումը, թէ Սեւ ծովը պէտք չէ վերածուի հակամարտութեան գօտիի մը։