ԱՄՆ-ԵՄ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոմիութեան միջեւ մաքսատուրքերու հարցին շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացաւ։ Առեւտուրի համաձայնագրի ստորագրումով Ուաշինկթըն-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ առ այժմ կանխուեցաւ մաքսի տագնապը։ Նախագահ Տանըլտ Թրամփի Սպիտակ տան վերադարձէն ի վեր ԱՄՆ-ի կողմէ օտարերկրայ առեւտուրի պարագային նախատեսուած մաքսատուրքերը միջազգային բեմահարթակի վրայ դարձած են օրակարգ։ Հարկ է նշել, որ ԱՄՆ-ի եւ ԵՄ-ի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը ուշագրաւ է նաեւ իր ժամկէտին առումով։ Արդարեւ, ԱՄՆ ԵՄ-ի հետ համաձայնագիրը ստորագրած է՝ Չինաստանի հետ մաքսատուրքերու բանակցութիւններու նախօրէին։

Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսէլի միջեւ ստորագրուած համաձայնութիւնը հասունցած է երկարատեւ բանակցութիւններու արդիւնքով։ Փաստաթուղթը շաբաթավերջին, Սկովտիոյ մէջ ստորագրեցին ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն։ Ամերիկեան կողմը Եւրոպական արտադրանքին համար 15 տոկոս մաքսատուրքերու սակագին մը սահմանած է։ Թրամփ տեղեկացուց, որ ԵՄ ԱՄՆ-էն 750 միլիառ տոլար արժողութեամբ ուժանիւթի արտադրանք պիտի գնէ։ Բաց աստի, ԵՄ ԱՄՆ-ի մէջ աւելի քան 600 միլիառ տոլար ներդրում պիտի կատարէ։ Ըստ Թրամփի՝ ԵՄ-ի երկիրները ԱՄՆ-էն կարեւոր համեմատութեամբ ռազմական արտադրանք պիտի ներածեն, ինչ որ պիտի արժէ հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ։

Իր կարգին, Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն գոհունակութիւն յայտնեց համաձայնութեան կապակցութեամբ՝ շեշտելով, որ սա ցարդ ստորագրուած առեւտուրի մեծագոյն համաձայնագիրն է։

Համաշխարհային հաւասարակշռութիւններուն տեսակէտէ ԱՄՆ-ի եւ ԵՄ-ի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը, ըստ էութեան, կ՚ընկալուի դրական։ Յամենայնդէպս, Եւրոպական լրատուամիջոցները բուռն քննադատութիւններով հանդէս կու գան, որովհետեւ ըստ որոշ մեկնաբանութիւններու՝ ԵՄ տեղի տուած է ԱՄՆ-ին։

Երեքշաբթի, Յուլիս 29, 2025