ԵՐԿՆԱՔԵՐԷՆ ՎԱՐ ԿՐԱԿ

Նիւ Եորքի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ցնցիչ դէպք մը։ Այսպէս, զինեալ տղամարդ մը մուտք գործեց Մենհեթթընի երկնաքերերէն մին ու կրակ բացաւ։ Դէպքին հետեւանքով չորս հոգի մահացաւ։ Զոհերէն մին ոստիկան մըն է։ «Reuters»ի հաղորդումներով՝ զինեան չարագործը տեղւոյն վրայ եղաւ ինքնասպան։ Կայ նաեւ վիրաւոր մը, որու կացութիւնը ծայրայեղ ծանր է։

Տուեալ երկնաքերին մէջ կը գտնուէին շարք մը ելմտական հաստատութիւններ, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային ֆութպոլի լիկի կեդրոնական գրասենեակը։ 27-ամեայ հրաձիգը Լաս Վեկասի բնակիչ մըն էր, որ ունէր հոգեկան խնդիրներ։ Ան վերջին օրերուն ինքնաշարժով մեկնած էր Նիւ Եորք։ Իր գործողութիւններու շարժառիթը յայտնի չէ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 29, 2025