ԹԵՀՐԱՆ ԴԷՄ Է ԵՐԵՒԱՆ-ՊԱՔՈՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՁԳՁԳՄԱՆ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման գործընթացի երկարաձգումը կրնայ պատճառ դառնալ տարածաշրջանէ ներս լարուածութեան աճի։ Ուստի, Թեհրան կոչ կ՚ուղղէ Երեւանին եւ Պաքուին, որպէսզի լրջօրէն զբաղին այս հարցով։

Անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի իրադրութեան՝ մասնաւորապէս Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան որոնումներուն ու տարածաշրջանային զարգացումներուն՝ բանբերը ըսաւ, որ այդ հարցին մէջ իր երկրի դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ։ Թեհրան կ՚աջակցի տարածաշրջանային հաղորդակցային ուղիներու եւ ենթակառուցուածքներու հաւանական ապաշրջափակման եւ անոնց ընդլայնման։ «Այդ ծրագրերը պէտք չէ հակասեն երկիրներու տարածքային ինքնիշխանութեան», ըսաւ ան։

Իր յայտարարութեան մէջ Պաղայի շեշտեց, որ ըստ Իրանի մօտեցման՝ Կովկասի իրադարձութիւններուն արտատարածաշրջանային դերակատարներու մասնակցութիւնը չի բխիր տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ զարգացման շահերէն։ Ուստի, Իրան ուշադրութեամբ կը հետեւի այդ հարցին, որու կապակցութեամբ սերտ կապի մէջ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ։

Իր կարգին, Իրանի հոգեւոր առաջնորդ Այեթուլլահ Խամանէյի միջազգային գործերով աւագ խորհրդական Ալի Էքպէր Վելայեթին ալ յայտնեց, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ի նախագիծով ԱՄՆ եւ Իսրայէլ կը հետապնդեն իր երկրի ազգային անվտանգութեան վնաս հասցնելու նպատակը։ Իր խօսքով՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ի անուան տակ իրականութեան մէջ թաքնուած է լայն աշխարհաքաղաքական ծրագիր մը։ Բուն նկատակն է տկարացնել դիմադրութեան առանցքը եւ խզել Իրանի կապը Կովկասի հետ։ Վելայեթի պնդեց, որ այս նախաձեռնութեան կ՚աջակցին նաեւ՝ փանթուրքիզմի հետամուտ կարգ մը շարժումներ։

Տարածաշրջանի միւս գերակշիռ դերակատարներէն Ռուսաստան ապաշրջափակման հարցին շուրջ վերջին շրջանին Իրանի բաղդատմամբ աւելի նուազ վճռական ըլլալ կը թուի։ Մոսկուա թէեւ հետամուտ է Երեւանի եւ Պաքուի հետ համաձայնելով հաղորդակցութիւնները վերահսկելու, սական, առայժմ այդ հեռանկարը այդքան ալ իրականանալի չի թուիր։ Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով վերջին օրերուն նշած էր, թէ «Զագեզուրի միջանցք»ի հարցը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ինքնիշխան գործն է։ Ան այս յայտարարութիւնը ըրած էր՝ մեկնաբանելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգենրու առաջարկը, որով կը նախատեսուի Սիւնիքէն անցնելիք կապուղիներու ԱՄՆ-ին արտապատուիրակումը։

Միւս կողմէ, հայկական լրահոսին մէջ տեղ կը գտնեն որոշ վերլուծութիւններ, ըստ որոնց՝ Ատրպէյճան կը շարունակէ արագ թափով զինուիլ, ինչ որ տարածաշրջանէ ներս նոր լարուածութիւններու դուռ կրնայ բանալ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 29, 2025