ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՀՐՃՈՒԱՆՔԸ՝ ՀԱՅՐԵՆԱՔԱՆԴ ԱՆՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ԱՆԴԻՆ…

Երեւանէն շաբաթավերջին հասած դրուագները խոր տպաւորութիւն գործեցին բոլորին վրայ։ Վարդավառի աւանդական տօնակատարութիւնները, ջրամարտերը վերակենդանացուցին աւանդութիւնները։ Յամենայնդէպս, ուրախառիթն այն էր, որ ժողովրդական համախմբում մը կար՝ առանց լարուածութեան, առանց իրաւապահ ուժերու միջամտութեան, ինչ որ վերջին շրջանին դարձած է ընթացիկ։ Աւանդական տօնակատարութիւնները միասնականութեան մթնոլորտի մէջ համախմբեցին բոլորը՝ մանաւանդ երիտասարդութիւնը։

Հայկական լրահոսին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւեն խորհրդածութիւններն ու դիտարկումները, թէ Հայաստանի դիմագրաւած ամենամեծ սպառնալիքն է հայրենաքանդ անմիաբանութիւնը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 29, 2025