2027-ԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ

Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի անունը կը դասուի Գերմանիոյ ապագայ հաւանական նախագահներու շարքին։ Երկրի այժմու նախագահին՝ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրի պաշտօնավարութեան ժամկէտը պիտի լրանայ 19 մարտ 2027 թուականին։

Գերմանիոյ ծանրակշիռ կուսակցութիւնները եւ հանրային կարծիքի ազդու շրջանակները ունին այն համոզումը, թէ վաղուց ժամանակն է, որպէսզի երկիրը ունենայ իգական սեռէ նախագահ մը։ 

Այս պայմաններուն ներքեւ շրջանառութեան մէջ մտած է Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի անունը։ Այս վերջինը Պրիւքսէլէն կրնայ վերադառնալ Պերլին՝ Պելվիւ պալատը։ Նախկին վարչապետներէն Անկելա Մերքելի պաշտօնավարութեան տարիներուն Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն մէկէ աւելի անգամ մաս կազմած է կառավարութեան։ Ան եղած է նաեւ երկրի պաշտպանութեան նախարարը։ Ֆոն տէր Լէյէն, որ ներկայիս Եւրոյանձնաժողովը կը գլխաւորէ, 67 տարեկան է։

Գերմանիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւնները տեղի կ՚ունենան հինգ տարին անգամ մը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 29, 2025