ՆՈՐ ԽՄՈՐՄԱՆ ՍԵՄԻՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ ներկայ պահու դրութեամբ երկիրը կը գտնուի բարեկեցութեան պատմականօրէն ամենաբարձր կէտին վրայ։ Կառավարութեան ժողովի բացման ան նշեց. «Ես այս բանը չեմ ըսեր՝ որպէս որեւէ արտառոց բան, որովհետեւ մեր զարգացման տրամաբանութիւնն է, որ իւրաքանչիւր տարի որեւէ կէտին մէջ մենք պէտք է ունենանք մեր բարեկեցութեան ամենաբարձր աստիճանը»։

Վարչապետը ժողովէն վերջ ալ յայտարարութիւններ ըրաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն։ Այս փուլին ան մանրամասն խօսեցաւ Սպիտակ տան մէջ, օգոստոսի 8-ին, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ ստորագրուած փաստաթուղթերուն մասին։ Փաշինեան տեղեկացուց, որ Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Ատրպէյճան հռչակագրին շուրջ առարկայական քննարկումները պիտի սկսին յաջորդ ամիս իսկ։ Թէ՛ ամերիկեան եւ թէ ատրպէյճանական կողմերուն հետ աշխատանք պիտի տարուի։ «Այս պահուն որեւէ քննարկում չկայ, որովհետեւ պայմանաւորուած ենք, որպէսզի քննարկումներու սկսինք սեպտեմբերին», ըսաւ ան։

Վարչապետը մամլոյ սպասաւորներու հետ զրոյցի ընթացքին պատասխանեց զանազան հարցումներու։ Այս ամբողջին մէջ ան դիտել տուաւ, որ իր կարծիքով՝ հայ ժողովուրդը ընտրութիւններու արդիւնքներով Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահներուն ցոյց տուած է իրենց տեղը եւ կ՚ընէ նաեւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն։

Անդրադառնալով Եւրոմիութեան եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան միջեւ ընտրութիւն մը ընելու անհրաժեշտութեան հաւանականութեան՝ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ երբ գայ այն կէտը, ուր ընտրութիւնը ըլլայ վերջնական եւ անխուսփելի, ապա անհրաժեշտ որոշումը կ՚առնուի՝ ԵՄ-ի եւ ԵԱՏՄ-ի միջեւ նախընտրութեան համար։

Միւս կողմէ, երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ Փաշինեան տեղեկացուց, որ սեպտեմբերի վերջաւորութեան կը նախատեսէ այցելել Ռուսաստան։ «Ուրախ եմ, որ ինծի կը սպասեն Ռուսաստանի մէջ։ Ես գիտեմ, որ ինծի կը սպասեն Ռուսաստանի մէջ, ես ալ միշտ կը սպասեմ Ռուսաստան այցելելու հերթական հնարաւորութեան։ Ինչպէս կը տեսնէք, բաւական աշխոյժ փոխադարձ այցելութիւններու նախընթաց մը կայ։ Յառաջիկային, այո, սեպտեմբերի վերջաւորութեան կը նախատեսուի այդպիսի այց մը։ Բայց, մինչ այդ, դէպի Փեքին իմ այցելութեամբ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան նախագահին հետ շփուելու հնարաւորութիւն կ՚ունենամ։ Այս ամիս նաեւ հեռախօսազրոյց ունեցանք», ըսաւ Փաշինեան։

Հարկ է նշել, որ այս կիրակի՝ օգոստոսի 31-ին Նիկոլ Փաշինեան երկօրեայ այցելութիւն մը պիտի տայ Չինաստան, ուր պիտի մասնակցի Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովին։ Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկի հիւրընկալմամբ նախատեսուած հաւաքին հրաւիրուած են աշխարհի աւելի քան քսան երկրի ղեկավարներ եւ տասն միջազգային կազմակերպութիւններու գլխաւոր դէմքեր։ Գագաթաժողովին համար հրաւէր ստացած են նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին, Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսի, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես։

Ուրբաթ, Օգոստոս 29, 2025