ԱՆԳԱՐԱ ԼԱՒԱՏԵՍ
Անգարա կը շարունակէ դրական պատգամներով հանդէս գալ՝ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութիւններուն շուրջ։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռուստակայանի մը տուած հարցազրոյցին ժամանակ անդրադարձաւ Երեւանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած փաստաթուղթերուն վերաբերեալ Թուրքիոյ վերաբերմունքին։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած շարք մը պայմանաւորուածութիւններով, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ կնքուած համաձայնագրերով տարածաշրջանի տեսակէտէ շատ լաւ պատկեր մը յառաջացած է։ Հարկ է յիշեցնել, որ նոյն ծիրէն ներս Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ալ երկկողմանի բնոյթով փաստաթուղթ մը ստորագրուած էր։
Ըստ Հաքան Ֆիտանի՝ Զանգեզուրի միջանցքի վերաբերեալ որեւէ յստակ բան առայժմ չկայ։ Կողմերը իրարու հետ պիտի որոշեն, թէ ո՞վ պիտի շահագործէ զայն եւ ի՞նչ կ՚ըլլայ անոր ապագայ ճակատագիրը։
Նախարար Ֆիտան դիտել տուաւ, որ Թուրքիոյ դիրքորոշումը հիմնուած է Ատրպէյճանի գործընկերներու նկատմամբ վստահութեան վրայ։ Ան նաեւ բարձր գնահատեց այս հարցին մէջ Հայաստանի վարչապետին կողմէ դրսեւորուած դիրքորոշումը։