ԱՊԱՀՈՎ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանէ ներս զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ արձանագրուած ոստումը արդէն արձագանգ կը գտնէ նաեւ միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Վերջին շրջանին երկիրը բաւական յաւակնոտ պայմաններ ապահոված է զբօսաշրջութեան տեսակէտէ։ Ըստ երեւոյթին, այս ձգողականութիւնը առաջին հերթին կը վերաբերի սփիւռքահայութեան, սակայն, աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն այլազգ զբօսաշրջիկներ եւս կը նախընտրեն այցելել Հայաստան, ուր կը վայելեն ջերմ վերաբերմունք եւ ականատես կը դառնան երկրի պատմամշակութային ժառանգութեան, հարուստ եւ աւանդական կենցաղին։
Այս համայնապատկերին վրայ արդէն մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութեան մը կողմէ հրապարակուած տուեալը, ըստ որու՝ Հայաստան ընդգրկուած է աշխարհի՝ ճամբորդութեան համար ամենաապահով երկիրներու ցանկին։ Այսպէս, World Travel Index-ի ցուցակին վրայ, ճամբորդութեան համար ամենաապահով երկիրներու ցուցակի շարքին Հայաստան կը զբաղեցնէ 13-րդ հորիզոնականը։ Աշխարհի 193 երկիրները հաշուի առնելով կազմուած է այս ցուցակը, որու վրայ Հայաստան 13-րդ տեղը ապահոված է 90,27 նիշով։
Հայկական լրահոսին մէջ լայն արձագանգ գտած է այս նիւթը։ Այսպէս, վարկանիշը ցոյց կու տայ, թէ ո՛ր երկիրները կ՚առաջարկեն ճանապարհորդութեան անվտանգութեան լաւագոյն պայմանները։ Որքան բարձր է գնահատականը եւ միաւորը, այնքան աւելի անվտանգ կը համարուի տուեալ երկրէն ներս ճամբորդելը։
Ապահով ճամբորդութեան ցուցանիշները, անշուշտ, կը վերաբերին ո՛չ միայն զբօսաշրջական ընդհանուր կազմակերպչական կամ ծառայութիւններու մակարդակին, այլեւ ուղիղ համեմատութեան մէջ են նաեւ ենթակառուցուածքներու որակին ու մակարդակին հետ։
Ներկայ տարեմուտին Հայաստանէ ներս զբօսաշրջութեան առումով արձանագրուած յառաջընթացին եւ այս վերջինով պայմանաւորուած ձգողականութեան բարձրացման վառ վկայութիւնը եղաւ՝ մասնաւորապէս Երեւանի կեդրոնի տօնական լուսաւորութիւնը, որ համատարած ուշադրութեան արժանացաւ եւ Ամանորի գիշերն ալ այդ լուսաւորութեան պայմաններուն ներքեւ կազմակերպուած տօնախմբութիւնները հրապարակուեցան թէ՛ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն կողմէ եւ թէ ընկերային ցանցերու վրայ։