ԱՆՀԵՏԱՑԱԾՆԵՐԸ
Հոսկէ-հոնկէ ինծի հասած տարբեր տեսերիզներու մէջ շատ յաճախ կը հանդիպիմ կենդանիներու անհետացումը գուժող գիտական լուրջ ուսումնասիրութիւններու եւ ինչ խօսք, որ ցաւալի այս անհետացման որպէս հիմնական պատճառ կը ներկայացուի անգիտակից ու «դաժան» մարդը։ Խոստովանիմ, որ զիս խորապէս չի յուզեր անհետացող կենդանիներու այս ցաւը, որ կը կրեն փափկասիրտ գիտնականները։ Փառք Տիրոջ, շատ են կենդանիները, իւրաքանչիւր ցեղ ինքն իր մէջ միլիոնաւոր տեսակներու կը բաժնուի, այդ տեսակներն ալ Երկրի որեւէ ցամաքամասի համեմատ դեռ այլ մասերու կը բաժնուին... ի՞նչ ցաւ, ուրեմն։
Խնդրեմ, յուսամ անգութ կենդանատեաց մարդու մը տպաւորութիւնը չեն ձգեր աս տողերս, բայց, կենդանիներէն հեռու, չխօսելով մեր աչքերուն դիմաց մէկ տարիէ ի վեր շարունակաբար ու անգութօրէն սպաննուող մանուկներուն մասին, զիս էապէս կը ցաւցնեն մարդ էակին՝ բանականութիւն ու բարոյական փոխանցուող արժէքներ կրող միակ արարածին կեանքին մէջ անհետացածներն ու անհետացողները։
Իմ եւ ինծի պէս՝ երկու հակասութիւններու մէջտեղը մնացած շատերու կեանքէն ներս անհետացած է անկեղծութիւնը. ամէն ինչ կեղծ է, իրականը, իր թէ անձ՝ հազուագիւտ։ Անհետացած է հանդարտութիւնը, խաղաղութեամբ ու դանդաղօրէն բան մը ընելու կարողութիւնը. ամէն ինչ արագ է, ամէն ինչ սուղ է եւ ամենասուղն է ժամանակը, որ արդէն չկայ։ Արագ են զանգերը, հեռաձայն ու անոր քովը դրուած Այբուբենի շարքով պատրաստուած կաշեպատ տետրակ մը չկայ, թիւ փնտռել չկայ, տան մէջ հնչող հեռաձայնի զանգեր չկան. տարիներ շարունակ հեռաձայն չունէինք եւ անհրաժեշտութեան պարագային մեր վարի դրացիներուն թիւին կը զանգէին մարդիկ։ Մեծ եղբօրս զինուորութեան ծառայութեան օրերուն մեր դրացիները անոր ըսած էին, որ «Չամչնաս, երբ կարենաս՝ զանգէ՛»։ Գիշերուան մէկին կամ առտուան վեցին հնչող մեր տան զանգը միանգամա՛յն կը նշանակէր, որ մեր ազնիւ դրացիները ցատկելով արթնցած ու «ռոպեր»ով վերի յարկ վազած էին՝ իր զաւակին ձայնը լսելու համար մօրս արթնցնելու...
Չկան այսպիսի տեսարաններ։ Հաւանաբար իրարու ասքան հարազատ դրացիներ ա՛լ չկան, իրարու լեցուն գացող ու լեցուն եկող ամաններ ղրկող դրացիներ, սուրճ(եր) խմող, «ֆինճան» դարձնող կարդացող ու հոնտեղի ենթադրութիւններուն հիման վրայ յոյս ու երազներ աւետող հարազատ պահեր չկան... ասոնց փոխարինողը երկու բառ կարդալով ամենագէտ ու փորձառու դարձած՝ կեանքի խորագոյն խրատներ տուող «թիքթոքի» «լայֆ քոչ»երն են...
Ինչքան ալ գիտուն ըլլայ այսօրուան մարդը, անմրցելի ամենագիտութիւնը տրուած է մեր հեռաձայններուն։ Անոնց «քալենտար»ներուն մէջ պահուած են մեր օրերը. պատէն կախուած օրացոյց չկայ, իւրաքանչիւր օրուան տրամադրութիւնը հիւսող իմաստուն խօսք կամ առած չկայ, նոյն հեռաձայնի «ԵուԹուպ»ին մէջն են նաեւ մեր արագ, շատ արագ՝ 15 վայրկեանի մէջ եփելիք դիւրին, թեթեւ եւ չգիրցնող անվնաս ճաշերը. միլիոններ կ՚արժեն անոնք, մանաւանդ լուռ, առանց «կրկրի» պատրաստուողները։
Նոր ժամանակներուն, նոր մայրերուն եւ մեծ մայրերուն խոհանոցներուն մէջ համարեա՛ անհետացած են անուշները, բայց պիտի խոստովանիմ, որ «հին» մամա մը ըլլալով հանդերձ, ես ո՛չ թէ մօրմէս, այլ՝ մեծ մօրաքրոջս ձեռքերէն ճաշակած եմ վարդի, ընկոյզի, սմբուկի, սերկեւիլի անուշները, նարինջի, լեմոնի եւ ինծի համար՝ աշխարհը վարդահամ դարձնող «ֆուշիա» վարդի օշարակը...
Ո՞ւր են օրերով վարդի անուշ հոտող մեր խոհանոցները։
Ո՞ւր է դափնի օճառով լուացուած, արդուկուած եւ անկողինին վրայ փռուելով մեզ երկրի փոշիէն հեռացնող սաւաններուն մաքրութեան հոտը։
Դափնին պատմութեան գիրկը անցած տերեւի տեսակ է, կամ ապուրներուն մէջ դրուող տերեւ, սաւանները «սէթ»եր են, մաքրութիւնը՝ դրամով գնուող կասկածելի ծառայութիւն։ «Ֆուշիա»ն մէկ-մէկ զրնգող նորաձեւութեան գոյն է, օշարակը՝ «ճիւս», «ֆրէշ ճիւս»։ Տեսակներուն մասին չխօսինք, կորսուելու լաբիւրինթոսներ են ատոնք, կարմիր, կապոյտ, մանիշակագոյն եւ սեւ թութը, աստեղին ընկոյզը, անտեղին թէյը, սուրճերուն սարսափելի անունները, վնասակար կաթերը եւ շնորհիւ ամէնուր հնչող տեսերիզներուն, Փառք Տիրոջ, տարիներու խաբկանքէ արթննալով մեր զանազանած չինական շուտ բացուող կասիան եւ կինամոնի իսկական փայտերը... Համտեսողը գիտէ, ո՛ւր, ո՛ր քաղաքին մէջ, ի՛նչպէս որ ըլլար, ա՛յլ համ մը չունէի՞ն երկու ձեռքի մատներուն թիւը չանցնող մեր համեստ ցուցակներուն ընտրութիւնները...
Ռատիոյէն կամ հեռատեսիլէն բան մը, քեզ իրօ՛ք ուրիշ տեղ տանող ծրագիր մը սպասելու խինդը չկայ այլեւս։ Ցաւօք, հրաշալի մեր հեռաձայաններուն մութ ծալքերը չբացող, կիրակիէ կիրակի Պատարագ տեսնելու հանար դուրս ելլող եւ եթէ կարելի է՝ թերթ կարդացող մեր մեծահասակներուն մնացին այդ զոյգ բարքերը։ Երկնային դրախտի դռները բացող համացանցով, երիտասարդ, պատանի, թէ՛ մանուկ, երբ, ուր, ինչպէս կ՚ուզէ իր ուզածը կը դիտէ. տեղ ու ժամանակ՝ գոյութիւն չունի՛ն։ Այս երկուքը առկայ են միայն այն պահերուն, երբ մէ՛կը, մարդիկ, պէ՛տք է գիտնան իրենց ուր եւ որու հետ ըլլալնուն մասին, ուրեմն՝ կը սկսի նկարուելու արարողութիւնը...
Որքան մեծ խինդ ու յոյսով կը սպասէինք 36 նկար պարունակող մեր գնած ֆիլմին ինչպէս ելլելիք նկարները... կը տխրէինք՝ այրածներուն համար եւ քանի մը հատ հանել կու տայինք լաւ ելածներէն... ետ պիտի չգար այդ նկարուած պահը եւ ատոր համար արժէք ունէր։ Գանձի մը պէս պահած եմ ես ընտանիքիս սեւ ու ճերմակ, պզտիկ, զիկզակ կտրտուած, ետեւը նամակներ գրուած՝ ժամանակն ու կեանքը վկայող այդ նկարները...
Նկարին մէջ աչքերը գոց ելած աղջիկ մը կա՞յ։
Թափէ՛։
Ահա, չափ ու եզր չունեցող անհետացած մեր սահմանները, արհեստագիտական ամէն տեսակի արգելակներէն ազատելու ձեւերը առատաձեռնօրէն իրարու փոխանցող ամենագէտ, որեւէ լեզուով երկու տող շարադրութիւն գրելու անկարող մեր մանուկները, բացի երկինքէն՝ ամէն տեղ, նոյնիսկ մանուկներուն գրչատուփերուն վրայ ծագող ուղեցոյց ծիածանները, «Մեզի ի՞նչ» կարգախօսին տակ անհետացած մեր հարազատները, ինչ ու ինչ պայմաններով ապսպրուած, ձեւուած-չափուած արուեստի գործերը, քանի մը անիմաստ ցուցակի մը գագաթին մնալէն վերջ այլեւս չյիշուող «թրէնտ» երգերը, աստուածատուր ոչ մէկ ձիրք, այլ՝ կամք ու հաւատք բաւարար են գրելու հրատարակչատուներուն մերժելով հերոսացած այսօրուան «պեսթ սելըր»ները, լոյս մը բանալու ջանքը եւ սո՜ւղ ժամանակը խնայող մեր հեռավար գործիքները, տուները, միտքերը եւ երեւի՝ կեանքերը...
Հաւանաբար աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, որ արդէն անհետացած են մեր հին կեանքերը, մէջտեղն ենք մենք, եւ կենդանիներու անհետացումով յուզուող զուգահեռ շինծու «մեթավերսի» մը մէջ են մեզ յաջորդողները...
Անհետացածներն են ասոնք։
Հապա անհետացողները՞։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ