ԽՈՆԱՐՀԵԼՈՒ ՓՈԽՀԱՏՈՒՑՈՒՄԸ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը լուծարուեցաւ՝ հակառակ ընդամէնը քանի մը ամիս առաջ իշխանութիւնը կ՚ըսէր, որ սա տեղի կ՚ունենայ միայն այն ժամանակ, երբ կը ստորագրուի «Խաղաղութեան համաձայնագիրը»: Բայց այս հարցին մէջ նոյնպէս Փաշինեան, մեղմ ըսած, «խոնարհեցաւ» Ալիեւի առջեւ եւ վերջինս ստացաւ եւս մէկ «ապացոյց», թէ «Ղարաբաղեան հարց այլեւս գոյութիւն չունի»: Պարզ է, որ այդ խումբը գոյութիւն ունէր միայն թուղթի վրայ, բայց, Ալիեւ՝ ըլլալով արեւելեան ոճի բռնապետ, ուշադիր է խորհրդանշաններու նկատմամբ: Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ Անկախութեան հռչակագիրի գոյութիւնն ալ, բովանդակային առումով, Ատրպէյճանին ոչինչ կու տայ: Սակայն այդ պահանջը Ալիեւ կը դնէ՝ դարձեալ ստիպելու համար, որ Հայաստանի պարտուած ղեկավարը իր առջեւ «խոնարհի»: 

Ալիեւի պահանջներուն մէկ մասը բովանդակային են. օրինակ՝ «անկլաւ»ներն ու «ատրպէյճանցիներու վերադարձը», մէկ մասն ալ՝ «խորհրդանշական»՝ յատկապէս ուղղուած պարտուողը նուաստացնելու: Օրինակ՝ «յանձնեցէք մեզի պատերազմի յանցագործներ՝ Ռոպերթ Քոչարեանն ու Սերժ Սարգսեանը»: Փաշինեան, ի հարկէ, մեծ հաճոյքով կը յանձնէր. անոր ձեռնտու է, որ Ռուբէն Վարդանեանն ու մնացած Արցախի ղեկավարները Պաքուի բանտերուն մէջ են, ինչո՞ւ այդ ձեւով չազատուի նաեւ այլ մրցակիցներէ: Բայց այդ «խոնարհումը», որ հրճաուանքով կ՚ընդունուի ՔՊ-ական «ժողովուրդի» կողմէ, կրնայ մնացեալ հայերու մօտ բացասական վերաբերմունք յառաջացնել: Այդ իսկ պատճառով նման քայլը այս պահուն հաւանական չեմ համարեր: 

Եթէ տեղ մը «խոր կը խոնարհիս», ապա մէկ այլ տեղ պէտք է «խոնարհեցնես»: Օրինակ՝ թուլամորթ, քոնֆորմիստ, անուանարկութիւններէ վախցած եպիսկոպոսները: Կայ, ի հարկէ, այստեղ քաղաքական հաշուարկ Կաթողիկոսի դէմ պայքարին մէջ, բայց, բարձրաստիճան հոգեւորականներուն նուաստացումը նաեւ առանձին հոգեբանական հաճոյք է Փաշինեանի համար: Ինչպէս հաճոյք էր փաստաբանը կամ փոտքեստի տղաները ԱԱԾ-ականներու կողմէ «ասֆալթին փռելը» եւ «պատերով տալը»: Սա իւրայատուկ հոգեբանական փոխհատուցում մըն է, կամ, ինչպէս կը նշէ գերմանացի հոգեբան Էրիխ Ֆրումը՝ մենատիրական բնաւորութեան սատօ-մազոշիստ սենտրոմ։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2025