«ԻՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ»Ի ՀԱՅԵՑԱԿԱՐԳԸ ԵՒ ԱՆԿԷ ԲԽԱԾ ՀԱՐՑԵՐ

Վարչապետը վերջին շրջանին հեղինակը դարձաւ երկու կարեւոր յղացքներու՝ «Իրական Հայաստան» եւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ». ռազմավարական առումով շատ կարեւոր հայեցակարգեր, որոնք մինչեւ 2020-ի պատերազմը Հայաստանի քաղաքական մտահորիզոնին մէջ այսքան պարզ, բնորոշ ու կուռ սահմանում չէին ստացած։ «Իրական Հայաստան»ը կը փոխարինէ ձեւով մը Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը։ Իսկ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ը չունէր անցեալին իր ռազմավարական համապատասխան բանաձեւումը։ «Արցախի ինքնորոշում», «Հայաստանի պետականութեան ամրապնդում» եզրերը յաճախ կը յիշուէին՝ իբրեւ երկրի գերագոյն նպատակ։

Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումէն ետք, վարչապետ Փաշինեան զուիցերահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որու ընթացքին ներկայացուց «Իրական Հայաստան»ի հայեցակարգը եւ պատասխանեց Հայաստանսփիւռք յարաբերութիւններու առընչուող հարցումներուն։ Հանդիպումը հետաքրքրական էր մի քանի առումով. առաջինը՝ սփիւռքահայութեան հետ առերեսումի անակնկալ ձեւաչափ մըն էր, շատ առողջ, ուղղակի, անմիջական ու անկաշկանդ։ Երկրորդը՝ առիթ ընձեռեց քննարկելու՝ վարչապետին կողմէ արդէն տարիէ մը ի վեր յաճախ արծարծուած «Իրական Հայաստան»ի հայեցակարգին վերաբերեալ ու հայութիւնը յուզող բազմաթիւ խնդրայարոյց հարցեր։ Երրորդը՝ Հայաստանի պետութեան անվտանգութեան եւ Հայաստանսփիւռք յարաբերութիւններու մասին խորհրդածելու պատեհ առիթ ստեղծեց, հայութեան պատմութեան անկիւնադարձային ներկայ պահուն. այս հարցերուն առընչութեամբ՝ Հայաստանի իշխանութեան ղեկավարին առաջադրանքները պէտք ունին աւելի՛ լայն եւ ո՛չ միայն քաղաքական գործիչներու նեղ շրջանակներու արձագանգին, ինչ որ պարագան եղած է մինչեւ այսօր։ Հարկ է այլ առիթներ ստեղծել քննարկելու նաեւ մտաւորականներու, արուեստագէտներու, գիտնականներու, գործարարներու, կրթական գործիչներու, ուսանողութեան շրջանակներու մէջ։

Մեկնելով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայիս դիմագրաւած մարտահրաւէրներէն, որոնք կը բխին 2020-ի Արցախի պատերազմի պարտութեան հետեւանքներէն, «Իրական Հայաստան» յղացքը կը հարցադրէ հայրենիք-պետութիւն, ազգ-ժողովուրդ հասկացութիւնները, որոնցմէ կ՚ածանցուին Հայաստան-սփիւռք, պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւնները, հայկական հարցը, ցեղասպանութիւն, ազգային արժեհամակարգ, ազգային շահ...։

Վարչապետի հիմնական դրոյթը կը մեկնի «հայրենիքը պետութիւնն է» խօսոյթէն։ Առաջադրանքը նոր չէ, կը յիշեցնէ սովետական շրջանի մայր Հայաստան - մայր հայրենիք յղացքը, այսինքն՝ համայն հայութեան հայրենիքը Հայաստանն է։ Իսկ թէ «Իրական Հայաստան»ի դիտանկիւնէն՝ ո՞ւր կը տեղադրուի սփիւռքահայը… Այս հարցումին վարչապետը անսպասելի պատասխան մը տուաւ՝ ըսելով, որ ըստ Սահմանադրութեան՝ Հայաստանի ժողովուրդն է, որ կ՚ընտրէ երկրի իշխանութիւնը, այսինքն այն հայը, որ Հայաստանի քաղաքացիութիւն չունի՝ սփիւռքահայ է։ Ասկէ ալ, բնականաբար, կը յառաջանայ հետեւեալ հարցումը. «Իսկ երբ սփիւռքահայը Հայաստանի քաղաքացիութիւն ընդունի, պիտի դադրի՞ սփիւռքահայ ըլլալէ, նոյնիսկ եթէ արտասահման ապրի»։ Հարցում, որուն նման կը ցցուին բազմաթիւ այլ հարցումներ, որոնք պարզաբանումի կը կարօտին...

Վարչապետի «Իրական Հայաստան»ի ընկալումին մէջ ամենէն հարցականը պետական շահին՝ տնտեսական շահին հետ նոյնականացումն է։ Պետութիւնը կը դիտուի՝ իբրեւ գործիք, որ ժողովուրդին տնտեսական շահ կ՚ապահովէ։ Իսկ պետութիւնները կը ստեղծեն նաեւ աննիւթական ժառանգութիւն, մտային ու հոգեւոր արժէքներ, որոնք երկրի մը ու ժողովուրդի մը բարօրութեան ու կենսամակարդակի բարձրացման կարեւոր ցուցիչներէն են. ասոր ամենէն ցայտուն օրինակն է՝ Ֆրանսայի ստեղծած Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութիւնը, որուն անդամ է նաեւ Հայաստան։

Հարցերը բազմատեսակ են՝ քանի որ ազգային շահն ու պետական շահը կրնան իրարու հակասել շատ մը պարագաներով. օրինակ՝ Թուրքիոյ հետ սահմանի բացումը կամ ցեղասպանութեան ճանաչման ի խնդիր պայքարը...։

Դատելով հարցադրումներէն՝ «Իրական Հայաստան»ը պէտք ունի աւելի ընդգրկուն ու ներառական ըլլալու։

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի

Հինգշաբթի, Յունուար 30, 2025