ԲԱՑՕԹԵԱՅ, ԲԱՑԱՌԻԿ ՈՒ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀԱՄԵՐԳ

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած բացօթեայ համերգ մը եկաւ համալրել շարքը այն ձեռնարկներուն, որոնք այս ամառ իրարու կը յաջորդեն՝ խոր տպաւորութիւն թողլով գեղարուեստասէրներուն վրայ եւ համախմբելով մայրաքաղաքի բնակիչներն ու զբօսաշրջիկները։ Այսպէս, «Կողբ Վարդավառ 2025» նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս հանդէս եկաւ Հայաստանի Պետական սեմֆոնիկ նուագախումբը։ Բացօթեայ այս ձեռնարկը իսկապէս բացառիկ ու փառաշուք էր։ Նուագախումբին ընկերացան համակրելի արուեստագէտներ՝ Նեմրա, Գարիկ եւ Սոնա։ Ունկնդիրները բուռն ծափահարութիւններով ողջունեցին արուեստագէտները՝ ստեղծուած բարձր տրամադրութեան մթնոլորտին մէջ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 30, 2025