ՆՇԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին տեսակէտէ վերջին օրերուն ուրախառիթ իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Այսպէս, մեր սիւնակագիրներէն Հրայր Տաղլեան, որ թերթիս ընթերցողներու մեծ համակրագանքը կը վայելէ, նշանուեցաւ Սիրան Արապանեանի հետ։ Ընտանեկան նեղ շրջանակի մէջ, նշանակախօսութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ «Նոր Ալեպպօ» ճաշարանին մէջ։ Բոլոր ներկաները ջերմօրէն շնորհաւորեցին երկու խոստմնալից երիտասարդները՝ մաղթելով, թէ արժանի դառնան Սուրբ Պսակի խորհուրդին։

Այս առթիւ մենք եւս ջերմօրէն կը շնորհաւորենք սիրելի Սիրան Արապանեանն ու մեր արժէքաւոր ընկեր Հրայր Տաղլեանը, որոնց կը մաղթենք անխառն երջանկութիւն, նաեւ կը խնդակցինք իրենց ընտանիքներուն։

Շաբաթ, Օգոստոս 30, 2025