ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ԻՍԼԱՄԱՊԱՏԻ ՄԻՋԵՒ ԿԱՊ

Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Իշաք Տար ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Երկու նախարարներն ալ ընկերային ցանցերու մէջ գրառումներով հանդէս եկան իրենց զրոյցին կապակցութեամբ։ Ներկայիս Երեւան-Իսլամապատ առանցքին վրայ կը դիտարկուի դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու հարցը։ 

Ըստ Արարատ Միրզոյեանի՝ հաշուի առնելով վերջին զարգացումները եւ երկկողմանի ու բազմակողմանի հարթակներու վրայ համագործակցութեան տեսլականի համաձայն՝ կողմերը կը քննարկեն դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու հարցը։

2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմին ժամանակ Փաքիստան այն երկիրներու շարքին էր, որ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի հետ դիրքաւորուած էր Ատրպէյճանի կողքին։

Շաբաթ, Օգոստոս 30, 2025