ՀԱՄԱԽՄԲՄԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Հայաստանի մէջ յառաջիկայ տարի տեղի պիտի ունենայ ընտրութիւն։ Թէեւ սա հերթական ընտրութիւն մըն է, սակայն, այժմ երկրի դիմագրաւած մարտահրաւէրները անոր արտահերթ նշանակութիւն կը վերագրեն։ Երկրի ներկայ իշխանութիւնը եւ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը թափով կը պատրաստուին ընտրութեան։ Մինչ այդ կան նաեւ նոր խմորումներ, որոնք կրնան ներքին քաղաքական ապագայ համայնապատկերը պայմանաւորել։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ է յայտնի գործարար ու բարերար Սամուէլ Կարապետեանի առաջնորդած շարժումը։

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Սամուէլ Կարապետեանի առաջնորդած «Մեր ձեւով» ընդդիմադիր շարժման պաշտօնական մեկնարկի կամ ծանօթացման հանդիսաւոր հաւաքոյթը։ Մայրաքաղաքի «Դուին» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր հաւաքը, որ համախմբեց հոծ բազմութիւն մը։ Սամուէլ Կարապետեանի նախաձեռնած շարժման մասին բացատրութիւններ տրուեցան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն։

Հարկ է նշել, որ Սամուէլ Կարապետեան ներկայիս բանտարկուած է։ Երկրէն ներս ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ ան զօրակցութիւն յայտնած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին։ Այդ ելոյթէն անմիջապէս ետք սկսած էր Սամուէլ Կարապետեանի կալանաւորման գործընթացը՝ իշխանութիւններու կողմէ անվտանգութեան եւ իրաւապահ մարմիններու ուղղորդմամբ։ Հասարակութեան ջախջախիչ մեծամասնութեան խղճին մօտ միանշանակ վերաբերմունք չէ գտած այս բոլորը՝ մինչ իշխանական շրջանակները հրապարակումներ կ՚ընեն, թէ Սամուէլ Կարապետեանի շարժումը կը ձգտի երկրի ուղղութիւնը թեքել դէպի Ռուսաստան։ Այդ պնդումներուն գետին կը պատրաստէ այն հանգամանքը, որ Սամուէլ Կարապետեան նաեւ Ռուսաստանի քաղաքացի է եւ որպէս գործարար իր արձանագրած յաջողութիւններու թատերաբեմը եղած է այդ երկիրը։

Երէկուան հաւաքի ընթացքին շեշտուեցաւ, որ «Մեր ձեւով» շարժման սկիզբը կ՚ենթադրէ նոր քաղաքական ուժի մը հիմքերու դրուիլը։ Այսպէս, սոյն շարժումը պիտի դառնայ այն հիմքը, որու վրայ պիտի ձեւաւորուի նոր քաղաքական ուժ մը։

Շաբաթ, Օգոստոս 30, 2025