ԽԱՂԱՑՈՂՆԵՐՈՒ ԴԻՐՔԱՒՈՐՈՒՄ
Միջազգային օրակարգի վրայ այս շաբաթավերջին անմիջական ուշադրութեան առարկայ է Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովը, որ տեղի կ՚ունենայ Չինաստանի մէջ։ Կը հաղորդուի, որ այս գերաստիճանը Հարաւային Կովկասի մասին քննարկումներու հարթակ մը կը դառնայ գործնականօրէն։ Արդարեւ, տարածաշրջանի նոր իրավիճակն ու նոր իրադրութիւնը կ՚արժեւորուի շահագրգիռ բոլոր խաղացողներուն կողմէ, որոնք կը ջանան համապատասխան ձեւով դիրքաւորուիլ։
ՇՀԿ-ի գերաստիճանին եւ անոր յաջորդելիք ՇՀԿ+ հաւաքի շրջանակներէն ներս նախատեսուած է Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան-Փութին ժամադրութիւնը նախատեսուած է սեպտեմբերի 1-ին։ Անոնք կը քննարկեն նաեւ Կովկասի իրավիճակը։ Քրեմլինի բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն Եուրի Ուշաքով տեղեկացուց, որ բացի Ուքրայնայի հակամարտութեան ընթացքէն եւ Մերձաւոր Արեւելքի սրացումէն, անշուշտ, երկու նախագահները ուշադրութեան առարկայ կը դարձնեն Կովկասի տարածաշրջանը։ Գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս նախատեսուած է նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Վլատիմիր Փութինի տեսակցութիւնը։ Հարկ է յիշեցնել, որ գերաստիճանի մասնակիցներու շարքին պիտի գտնուի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։
ՇՀԿ-ի գերաստիճանին ընդառաջ Մոսկուայէն հերթական յայտարարութիւններ հնչեցին Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ։ Ծանօթ է, որ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք վերջին օրերուն այցելած էր Երեւան։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ տեղեկացուց, որ Օվերչուքի Հայաստան այցելութեան ընթացքին, հանդիպումներու արդիւնքով պարզուած են Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) եւ Եւրոմիութեան թեքնիք կանոնակարգերու անհամատեղելիութեան շուրջ նրբութիւններ։ Զախարովի խօսքով՝ հանդիպումները տեղի ունեցած են արհեստավարժ, անկեղծ եւ շինիչ մթնոլորտի մը մէջ։ Քննարկուած են թէ՛ երկկողմանի եւ թէ ԵԱՏՄ-ի ձեւաչափով տնտեսական համագործակցութեան բազմաթիւ հարցեր՝ ներառեալ որոշ տեսակի ապրանքներու՝ յատկապէս սննդամթերքի մատակարարման վերաբերեալ հարցեր։ Երեւան եւ Մոսկուա պայմանաւորուած են շարունակելու համար քննարկումները երկկողմանի հարթութեան վրայ եւ ԵԱՏՄ-ի շրջանակներէն ներս։
«Հայաստան հետաքրքրուած է Եւրոասիոյ համարկման դրութիւններու ներդաշնակ գործունէութեամբ, իսկ հայ արտադրողները կը գնահատեն ԵԱՏՄ-ի անդամակցութենէն ստացուած գործնական արդիւնքները՝ ներառեալ ապրանքներու առանց խոչընդոտի արտածումը դէպի անդամ պետութիւններ», ըսաւ Զախարովա եւ յիշեցուց, որ վերջին տասն տարուան ընթացքին Հայաստանի առեւտուրի շրջանառութիւնը ԵԱՏՄ-ի երկիրներուն հետ աճած է մօտաւորապէս տասն անգամ։
Բաց աստի, Մարիա Զախարովա երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ մեկնաբանեց Նիկոլ Փաշինեանի վերջին արտայայտութիւններէն մին, ըստ որու՝ 9 նոյեմբեր 2020 թուականին Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ստորագրուած եռակողմանի յայտարարութիւնը այլեւս կը վերաբերի անցեալին։ Վարչապետի այս խօսքերուն փոխարէն՝ Մարիա Զախարովա շեշտեց, որ Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ 2020-2022 թուականներուն ստորագրուած եռակողմանի համաձայնագրերը կը մնան արդիական, անոնցմէ ոչ ոք հրաժարած է եւ այդ փաստաթուղթերը հիմա ալ գոյութիւն ունին։ Զախարովա Փաշինեանի խօսքերը որակեց «լեզուական վարժութիւններ» եւ պնդեց, որ այդ փաստաթուղթերը գոյութիւն ունին։ «Ես չեմ լսած, որ ոեւէ մէկը մերժած է կամ ետ կանչած է զանոնք», ըսաւ ռուս բանբերը։
Նիկոլ Փաշինեան, որ ՇՀԿ-ի գերաստիճանին եւ ՇՀԿ+ հաւաքին պիտի մասնակցի, բացի Վլատիմիր Փութինի հետ նախատեսուած զրոյցէն, այլ հանդիպումներ ալ պիտի ունենայ։ Մասնաւորապէս նախատեսուած է իր զրոյցը Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկի հետ։ ՇՀԿ-ի գագաթաժողովին մասնակցելէ վերջ, ան պիտի ուղեւորուի դէպի Թոքիօ, ուր Ճաբոնի ղեկավարութեան հետ շփումներ պիտի ունենայ։
Միւս կողմէ, Թեհրան կը շարունակէ ահազանգ հնչեցնել Հարաւային Կովկասի վերջին իրադարձութիւններուն դէմ։ Օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ ստորագրուած հռչակագիրը եւ այս վերջինով նախատեսուած TRIPP անցուղին խոր անհանգստութիւն յառաջացուցած է Իրանի մէջ։ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ տրուած երաշխիքները, կատարուած վստահեցումները, ըստ երեւոյթին, Իրանը չեն բաւարարեր։
Երէկ, Իրանի խորհրդարանը յատուկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ի ստեղծման հարցին շուրջ։ Այս յատուկ յայտարարութիւնը ընդունուեցաւ Իրանի խորհրդարանի երեսփոխաններու մեծամասնութեան կողմէ։ Այսպէս, «Զանգեզուրի միջանցք»ի իրականացման որեւէ գործողութիւն պիտի ըլլայ տարածաշրջանի ազգերու շահերու հետ անհամատեղելի գործողութիւն մը եւ ուղիղ սպառնալիք պիտի դառնայ հաւաքական անվտանգութեան։ Հարկ է նշել, որ Իրանի խորհրդարանը այս յայտարարութիւնը ընդունեց ճիշդ այն օրը, երբ Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան կ՚այցելէր Թեհրան։
Յայտարարութեան մէջ շեշտուած է հետեւեալը. «Այս տարածաշրջանը ո՛չ միայն աշխարհագրական սահման մըն է, այլեւ Իրանի անվտանգութեան շահերու, ռազմավարական խորութեան եւ քաղաքակրթական ոլորտի մէկ մասն է. տարածք, որ դարեր շարունակ ամուր պատմական, մշակութային եւ անվտանգութեան կապեր ունեցած է Իրանի հետ եւ այսօր ալ կը շարունակէ կենսական դեր խաղալ տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգային անվտանգութեան պահպանման գործին մէջ»։