ՎԱՐՇԱՒԻՈՅ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Վարշաւիոյ մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ռատմիլա Շեքերինսքայի հետ։ Զրուցակիցները անդրադարձան Երեւանի եւ դաշինքի միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւններուն՝ ընդգծելով առաւել յաւակնոտ օրակարգի մը ձեւաւորման ուղղութեամբ հետաքրքրութիւնը։ Զրոյցի ընթացքին գոհունակութեամբ մատնանշուեցաւ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու՝ ուխտի կեդրոնէն ներս պաշտօնավարող դեսպաններու վերջերս Երեւան կատարած այցը։ Կարծիքներ փոխանակուեցան TRIPP-ի մասին։

Արարատ Միրզոյեան կը մասնակցի Վարշաւիոյ անվտանգութեան ֆորումին։ Ան շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ ալ կ՚ունենայ Լեհաստանի մէջ։ Այս ծիրէն ներս նախարարը հանդիպեցաւ նաեւ Ուքրայնայի ի ր պաշտօնակցին՝ Անտրէյ Սիպիհայի հետ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2025