ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ. «TRIPP-ԻՆ ԵՐՐՈՐԴ ԵՐԿԻՐ ՄԸ ԿՐՆԱՅ ՄԻԱՆԱԼ ՄԻԱՅՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՄՆ-Ի ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՄԲ»
Այսօր, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սթրազպուրկի մէջ ելոյթ մը կ՚ունենայ Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նիստին։ Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան Նիւ Եորքէն Սթրազպուրկ հասնելէ վերջ հանդիպումներ ունեցաւ ԵԽԽՎ-ի նախագահ Թէոտորոս Ռուսոփուլոսի, ընդհանուր քարտուղար Տեսփինա Չացիվասիլիուի եւ Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալէն Պերսէի հետ։ Հանդիպումներու ընթացքին շօշափուեցաւ Հարաւային Կովկասի նոր իրադրութիւնը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրման լոյսին տակ։
Մինչ այդ, Նիկոլ Փաշինեան Սթրազպուրկի մէջ զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս փուլին ան խօսեցաւ TRIPP-ի մասին, որու շուրջ համաձայնութիւնը հրապարակուած էր անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու եռակողմանի գագաթաժողովին ժամանակ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վարչապետը լրագրողներու նկատառման յանձնեց, որ TRIPP-ը երկկողմանի ձեւաչափով կը քննարկուի Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ ու միայն անոնց համաձայնութեամբ կրնայ երրորդ կողմ մը ներգրաւուիլ։
Ան խօսեցաւ նաեւ յաջորդ տարի Հայաստանի մէջ նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութեան մասին։ «Ես համոզուած եմ, թէ ընտրութիւններուն ժողովուրդը Հայաստանի կառավարման՝ մեզի տուած լիազօրութիւնը պիտի երկարացնէ։ Որովհետեւ մեր վարած խաղաղութեան օրակարգի հեղինակը ժողովուրդն է», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։