ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
Միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը երէկ կեդրոնացած էր Ուաշինկթընի վրայ, ուր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ընդունեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն։ Սպիտակ տան մէջ զրոյցը տեւեց երեք ժամ։ Օվալաձեւ գրասենեակին մէջ Նեթանիյահու հաւանութիւն տուաւ Թրամփի առաջարկած ծրագրին, որով կը նախատեսուի վերջ տալ Կազզէի պատերազմին։
Տեղական մամուլի հաղորդումներով՝ ծրագիրը թէեւ վիճելի կողմեր ունի, սակայն, պիտի ապահովէ արիւնահեղութեան կասեցումը եւ սովի վերջ գտնելը։ Այժմ կը սպասուի «Համաս»ի արձագանգին։ Թուրքիան ալ ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն. Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտնեց, որ Անգարա պատրաստ է նպաստելու այս գործընթացին։ Մինչ այդ, Նեթանիյահու երէկ ներողութիւն խնդրեց Քաթարի վարչապետ Էլ Սանիէն՝ Տոհայի վրայ Իսրայէլի կողմէ կատարուած յարձակման համար, որու հետեւանքով անվտանգութեան պաշտօնեայ մըն ալ մահացած էր։ Նեթանիյահու խոստացաւ այլեւս չյարձակիլ Քաթարի վրայ։
Ըստ Թրամփի առաջարկած ծրագրին՝ Իսրայէլ վերջ պիտի տայ Կազզէի բռնագրաւման ու ետ պիտի քաշուի աստիճանական ձեւով։ 72 ժամուան ընթացքին ողջ կամ մահացած բոլոր պատանդները պիտի յանձնուին։ Պատանդներու յանձնման զուգահեռ՝ ներում պիտի շնորհուի «Համաս»ի անդամներուն, որոնք պիտի զինաթափուին։ Փութով Կազզէի մէջ պիտի տեղակայուի կայունութեան զօրք մը, որու կազմին մէջ պիտի գտնուին ԱՄՆ-էն ու արաբական երկիրներէ զինուորներ։ Ոեւէ մէկը պիտի չպարտադրուի Կազզէն լքելու։ Ելք պիտի ապահովուի «Համաս»ի այն անդամներուն, որոնք պիտի նախընտրեն հեռանալ։ Կազզէի վերակառուցման համար պիտի մշակուի զարգացման ծրագիր մը։ Անցումային շրջանը պիտի կառավարուի Պաղեստինէ թեքնոքրաթներու կողմէ։ Անոնց վրայ պիտի գտնուի խաղաղութեան խորհուրդ մը, որ պիտի բաղկանայ պետութիւններու ղեկավարներու կողմէ եւ գլուխը պիտի գտնուի Թրամփը։
Այս համաձայնութիւնը երբ որ ընդունուի, ապա պատերազմը անմիջապէս պիտի դադրի եւ օժանդակութիւնները փութով տեղ պիտի հասցուին։