ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԳԱՒԱՌԱՊԵՏ ԱԹԱՍՈՅԻ ԿՈՂՄԷ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆՑ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒ ՎԱՐԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՆԱԽԱՃԱՇ

Պէյօղլուի գաւառապետ Աթաքան Աթասոյ երէկ հիւրընկալեց փոքրամասնութիւններու շրջանակներէն ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, ան Պէյօղլուի շրջանի փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու, զանազան միութիւններու կամ մարզակումբներու վարչայիններուն հետ մէկտեղուեցաւ նախաճաշի սեղանի մը շուրջ, ուր ներկայ էր նաեւ իր կողակիցը։ Մեր համայնքէն հրաւէր ստացած էին Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը, Գալֆաեան տան խնամակալութիւնը, Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդն ու Հալըճըօղլուի թաղային խորհուրդը։ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուստապաշն ալ մասնակցեցաւ այս նախաճաշին։

Գաւառապետ Աթաքան Աթասոյ ողջոյնի խօսքին ընթացքին դիտել տուաւ, որ Պէյօղլուի մէջ պաշտօնավարելէ վերջ սկսած է ա՛լ աւելի ներթափանցել անոր կարեւորութեան։ Աթասոյ պատրաստակամութիւն յայտնեց փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու հարցերու լուծման նպաստելու ուղղութեամբ։

Տոլափտերէի «Շերաթոն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշը, որու ընթացքին գաւառապետը շեշտեց, որ պատմութեան ընթացքին Պէյօղլու միշտ եղած է զանազան մշակոյթներու եւ կրօններու հանդիպման վայրը։ Այս զանազանութիւնը արժէքաւոր ժառանգութիւն մըն է, որ կ՚ամրապնդէ միասնականութեան ու եղբայրութեան զգացումները։ «Այդ մէկուն յարատեւութիւնը եւ հարեւանութեան կապերու ամրապնդումը մեր մեծագոյն փափաքն է։ Մեր ամբողջ ուժով կը շարունակենք աշխատիլ, որպէսզի մեր երկրի բոլոր կրօնական հաւաքականութիւնները ապրին անդորրութեան եւ անվտանգութեան մէջ», ըսաւ ան։

Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ նկարահանմամբ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2025