ԽՈՐԱԹԱՓԱՆՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Ի ձեռին ունինք կոթողային գործ մը «Պատմութիւն», որ հրատարակուած է Երեւանի մէջ՝ աշխատասիրութեամբ Էլիզապէթ Թաճիրեան-Մերուժան Կարապետեան ամոլին։ Գիրքէ մը շատ աւելին է այս մէկը, որ կը մատուցէ իսկապէս խորաթափանց պատմութիւն մը։ Բովանդակութեան ճոխութեան վրայ կու գան աւելնալ տպագրութեան որակը, գեղարուեստական գերազանց ձեւաւորումը եւ տեսանիւթերու խայտաբղէտ պատկերը. գործօններ, որոնք միանշանակ կը պայմանաւորեն այս բացառիկ երկի անգնահատելի արժէքը։ Գիրքը Տէր Յովհաննէս Թովմաճանեանի (1717-1806) նշանաւոր «Պատմութիւն»ն է։ Ան կեանքի երեսուն տարիներուն շրջած է Եւրոպայի, Ասիոյ՝ Հնդկաստանի եւ Ափրիկէի՝ Եթովպիոյ (Հապեշիստան) մէջ։ Պոլսահայ մը եղած է Թովմաճանեան, որու կեանքի ոդիսականը անձնական փորձառութեան մը ինքնուրոյն մատուցմամբ լոյս կը սփռէ 16-րդ դարու հայկական կեանքին եւ ամբողջ յարաբերութիւններու ցանցի մը վրայ։

«Պատմութիւն»ի հեղինակը, ըստ էութեան, գոհարավաճառ մըն է եւ անկէ մնացած յիշողութիւնը Էլիզապէթ Թաճիրեանի եւ Մերուժան Կարապետեանի՝ բարձր արհեստավարժական հայեացքով արժեւորուած է նորովի՝ վերածուելով վաճառականութեան ու մտաւորականութեան տարուբերումով համեմուած։ Գոհարավաճառ հեղինակը այցելած է երեսուն պետութիւն։ Այս գիրքը այդ ճանապարհորդութիւններու մանրամասնութիւններով յագեցած ուղեգրութիւն-նկարագրութիւնն է, շարադրուած է երրորդ դէմքով ու ժամանակներու ընթացքին դարձած է բացառիկ երեւոյթ հայ յուշագրային գրականութեան մէջ։ «Պատմութիւն»ը 18-րդ դարու վերջին քառորդին գրուած եւ առաջին անգամ հրապարակուած հայ մատենագրական կարեւորագոյն յուշարձաններէն է։

Հրատարակութիւնը թէեւ բոլոր հետաքրքիր ընթերցողներուն համար է, սակայն, առաջին հերթին՝ իր ուսումնասիրութեամբ, ծանօթագրութիւններով, քարտէսներով, բառարանով ու ժամանակը արտացոլող պատկերներով նախատեսուած է վաղ արդի շրջանի Եւրոպա, Ասիա եւ Ափրիկէ ցամաքամասերու պատմութեան եւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու մասնագէտներու համար։

Երեւանի «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութեան կողմէ տպագրուած է այս գիրքը, որ ձօնուած է հոգելոյս Ժիրայր Ազիլեանի խնկելի յիշատակին։ Երեւան-Լոնտոն-Վենետիկ առանցքին վրայ պատրաստուած այս աննախընթաց գործը շատ սահմանափակ տպաքանակով հրատարակուած է։ Աշխատասիրութեան հեղինակները փափաքած են, որ հատ մըն ալ գտնուի ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գրադարանին մէջ։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Էլիզապէթ Թաճիրեան-Մերուժան Կարապետեան ամոլին։

Ուրբաթ, Յունուար 31, 2025