ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՆՈՐ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Մերձաւոր Արեւելքի բարդ իրադրութեան մէջ Սուրիան կը մնայ մտահոգութեան աղբիւր։ Միջազգային աղբիւրները հաղորդեցին, որ Իսրայէլի զինեալ ուժերը դարձեալ գնդակոծած են Սուրիոյ հարաւային շրջանները։

Միւս կողմէ, Սուրիոյ կառավարութեան եւ երկրի քրտական զինեալ խմբաւորումներուն՝ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ երէկ գոյացաւ նոր համաձայնութիւն մը։ Դամասկոսի անցումային շրջանի ղեկավարութեան տեսակէտէ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ այս նոր համաձայնութիւնը, որ հետամուտ է հրադադարը կայունացնելու եւ ուրուագծելու քիւրտ զինեալներու համարկման ուղղեալ քայլերը։

Ըստ «Associated Press»ի հաղորդումներուն՝ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքի քիւրտերու կողմէ կառավարուող եւ գործնականօրէն ինքնավար գօտի համարուող տարածքներէն ներս գործող կառոյցները եւ անոնց աշխատակիցները պիտի համարկուին պետական հաստատութիւններու կազմին։ Դամասկոսի պաշտօնական յայտարարութենէն առաջ Սուրիոյ պետական հեռուստակայանը արդէն հաղորդեց այս համաձայնութեան կնքուած ըլլալուն մասին՝ յղում ընելով անանուն պաշտօնեայի մը։

Համաձայնագրի նպատակն է միաւորել Սուրիոյ տարածքները եւ տարածաշրջանէն ներս հասնիլ լիարժէք համարկման գործընթացի մը՝ ամրապնդելով շահագրգիռ կողմերու միջեւ համագործակցութիւնը եւ համատեղելով երկրի վերականգնման ուղղեալ ջանքերը։

Խնդրոյ առարկայ փաստաթուղթը ստորագրեցին Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարա եւ Սուրիոյ ժողո-վըրդավարական ուժերու ընդհանուր հրամանատար Մազլում Ապտի։ Այսպէսով Սուրիոյ քրտական զինեալներն ալ համաձայնած են մաս կազմելու երկրի բանակին։

Շաբաթ, Յունուար 31, 2026