ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆ. «ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՅՈՒՍԱՅ, ԹԷ ԱՄՆ ՉԻ ՅԱՐՁԱԿԻՐ ԻՐԱՆԻ ՎՐԱՅ»

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Թուրքիա կը յուսայ, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները չի տրուիր Իսրայէլի սադրանքներուն եւ չի յարձակիր Իրանի վրայ։

Երէկ, Հաքան Ֆիտան Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին։ Այս վերջինը յայտնեց, որ Թեհրան պատրաստ է միջուկային խնդրի շուրջ երկխօսութեան սկսելու Ուշինկթընի հետ։ «Իրան երբեք չէ ծրագրած միջուկային զէնք արտադրել», ըսաւ ան։

Ֆիտան-Արաղչի բանակցութիւններէն առաջ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի միջեւ տեղի ունեցաւ հեռախօսազրոյց մը։ Ծանօթ է, որ Էրտողան կը ջանայ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ միջնորդի դերակատարութիւն ստանձնել՝ լարուածութեան նուազեցման եւ առկայ խնդիրներու լուծումը ապահովելու համար։

Իր կարգին, Փեզեշքիան յայտնեց, որ իր երկիրը վճռական պատասխան կու տայ, եթէ ենթարկուի յարձակման։ Ան երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ շէյխ Մուհամմէտ պին Զաիտ էլ Նահեանի հետ։

Հիւր նախարարը ընդունուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։

Շաբաթ, Յունուար 31, 2026