ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՌԻԱՏ ԵՒ ԳԱՀԻՐԷ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կարեւոր ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է՝ դէպի Ռիատ եւ Գահիրէ։

Երէկ, Էրտողան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Ռիատ, ուր հիւրընկալուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելմանի կողմէ։ Եմամէ պալատի համալիրէն ներս Մուհամմէտ պին Սելման մեծ պատիւներով հիւրընկալեց նախագահ Էրտողանն ու պատուիրակութիւնը։ Անոնք ունեցան առանձնազրոյց մը, որու ընթացքին շօշափեցին թէ՛ երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները եւ թէ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային օրակարգի հրատապ նիւթերը։ Մուհամմէտ պին Սելման պաշտօնական ընթրիքով մըն ալ մեծարեց նախագահ Էրտողանը։

Ռիատէն վերջ նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան ուղեւորուեցաւ դէպի Գահիրէ, ուր այսօր կը հիւրընկալուի Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսիի կողմէ։ Երկու ղեկավարները կ՚ունենան առանձնազրոյց մը եւ կը գլխաւորեն պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Բաց աստի, Էրտողան եւ Սիսի կը մասնակցին նաեւ Թուրքիա-Եգիպտոս գործարար ֆորումին։

Գահիրէի մէջ ալ կը շօշափուին երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքն ու տարածաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով զանազան խնդիրներ։ Այս ամբողջին մէջ առանձին ուշադրութեան առարկայ կը դարձուի Կազզէի առկայ կացութիւնը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 4, 2026