ՇՓՄԱՆ ԵԶՐԸ ԿԱՄ ԳՕՏԻՆ

Գրականութիւնը նաեւ քաղաքական տեսակէտներու բախումէն ստեղծուած իրավիճակի գեղարուեստականացումն է։ Այս մեկնաբանութիւնը քիչ մը ուռուցիկ, ծանր կրնայ թուիլ անոնց համար, որոնք կը ցանկան, կը փորձեն, կ՚աշխատին ստեղծել գեղարուեստ։ Այսինքն՝ արուեստէն անդին բան մը, որուն հիմնական նպատակն է գեղեցիկ, փայլուն, նաեւ մաքուր բան մը կերտել։ Ի դէպ, բոլոր գրողները երբ գրականութիւն մը ստեղծելու մասին խօսին, կ՚ունենան մեկնակէտ մը։ 

Մեկնակէտը միայն դարերու ընթացքին ստեղծուած գիր-գրականութիւնը, հաւատալիքը կամ նոյնիսկ հաւատամքը չէ, այլ աւելին, մեր շունչին ու ոգիին մօտիկ բան մը, որ մեզմէ շատերուն համար, ամայութեան, առանձնութեան մէջ իսկ, կը դառնայ խթան ու փրկութեան լաստ։

Մեր պարագային գրականութեան մէջ ըլլալու, գրականութեան եզերքներէն նաւարկելու ու անով ապրելու երեւոյթները կ՚ուղեկցուին բաւական բարդ դէպքերով, պատահարներով եւ իրավիճակներով, որոնք յառաջ կը մղեն որոշ եւ որոշակի ժխտական գրգիռներ։ Այդ զգացումները կը մեծնան, կ՚աւելնան ու տարիներու երկայնքին կը վերածուին թշնամական խօսքերու, յաճախ թշնամական վիճակներու, ի վերջոյ պայքարի մը, որուն ալ յաճախ մասնակցութիւն կը բերեն գրականութեան կեանքով ապրած աւագներն ու նորահաս անունները։ 

 Մօտիկ անցեալին գրականութեան հակակրանքն ու թշնամութիւնը յաճախ պայմանաւորուած կ՚ըլլար նաեւ քաղաքական տարակարծութիւններով։ Յաճախ կ՚ըսեմ, որովհետեւ արուեստի, բայց մա՛նաւանդ՝ գրականութեան պարագային մեծագոյն եզրը կամ շփման գօտին կ՚արտայայտուի ու մարմին կը ստանայ հիմնուելով զուտ անհատական ընտրանքներու եւ նախասիրութիւններու վրայ։ 

Հաւանաբար, այսօր եւս այս վիճակը պէտք է ըլլար, սակայն, մեր օրերու անտարբերութիւնը այնքան մեծ է, որ գրողներու միջեւ հակակրանքը կամ հակառակութիւնը կը նախընտրէ մնալ ու բնակիլ լռութեան մէջ։

Հանրոյթ չկայ, չկան մարդիկ, որոնք հետաքրքրուած ըլլան, թէ այսինչ գրողը ի՞նչ կարծիք ունի այսօր Հայաստանի մէջ առկայ քաղաքական պայքարին կապակցութեամբ։ Այդ գրողներէն շատեր կարծէք ունին այն համոզումը, որ իրենք կ՚ապրին, կը գոյատեւեն ու հետեւաբար կը գրեն նախ եւ առաջ իրենց համար։ Այն տասը հոգիին համար, որ տարին հեղ մը քով-քովի կրնայ գալ, ինչ-որ քննարկումներ իրականացնելու համար, կամ իրենց «ես»ը ուրիշներու կողմէ շոյուած, սիրուած կամ նոյնիսկ փառաբանուած տեսնելու համար։ 

Ներանձնականութիւնը այսօրուայ մեր իրականութեան մէջ սկսած է դառնալ համատարած, որովհետեւ մեզմէ ո՛չ մէկը պատրաստ է գէշ մարդ դառնալու գնով ինչ-որ քննադատութիւն մը, արժեւորում մը, կամ նոյնիսկ խրատական մը տալու։ 

Մարդիկ, որոնց շարքին նաեւ գրողները (մեծ հաշուով) դարձած են խուսափող։ Հասկնալի է այս վիճակը, որ նաեւ կը խօսի հաւաքական անտարբերութեան ընդհանրական վիճակի մը մասին, որ միեւնոյն ժամանակ ունի վստահելի ներուժ մը՝ մարելու համար գրականութեան իրական կրակը։ 

Մինչ այդ, «Մեր գրականութեան թշնամիներ»ը յօդուածին մէջ սփիւռքահայ գրականութեան հիմնադիրներէն Նիկողոս Սարաֆեան իր օրերուն տիրող մթնոլորտին մասին կը խօսի։ Ան կը ներկայացնէ ստեղծուած երկուութիւնները, կարծիքներու եւ տեսակէտներու տարբերութիւնները, նաեւ անոնց մէջէն կարմիր թելով մը կը մանէ իրաւ գրականութիւն ստեղծելու իրական տուեալներու թելը։ Առանց ճապաղութեան, առանց մեծխօսիկութեան, այլ իրապաշտութեամբ ու ամենակարեւորը դրական յոյզով մը ճանապարհ դուրս գալու ճշմարտացիութեամբ։ 

Սարաֆեան հակակուռք բանաստեղծ մըն է, որ փորձած է իր կեանքը պատմել, իր կեանքը բերել մեզի, առանց սուտ եւ կեղծ արժէքներ փայփայելու։ Եթէ կռուած է, պատերազմած է, զայն ըրած է յարգանքով, հեզութեամբ ու ամենակարեւորը՝ իմաստութեամբ։ Ու կարծէք այդ բոլորին մէջէն անոր յաջողուած է կերտել այնպիսի էջեր, որոնք այսօր իսկ կը շարունակեն պահել իրենց թարմութիւնը։ Ստորեւ Սարաֆեանի «Մեր գրականութեան թշնամիները» յօդուածին գլխաւոր հատուածը։

Օշական (նկատի ունի՝ Յակոբ Օշականը) եւ այլասերած մարքսիզմ կը միանան այսօր կէտի մը վրայ, որ կը կոչուի հայրենասիրական գրականութիւն, թէեւ կը տարբերին անոնք իրարմէ բազմաթիւ եւ հիմնական ըմբռնումներով: Ու միացման այս կէտին վրայ կեցողը կրնայ ձգտիլ մէկուն իշխանութեան եւ ստրկանալ միւսին առջեւ։ Բայց ան իր փոքր էութեամբ՝ վանողական կը դարձնէ այդ երկուքն ալ մեզի, երբ կը հաստատենք, թէ որքան աղէտալի կը դառնան հետզհետէ, անոր նմաններուն պատճառով, օշականեան եւ ստալինեան այդ երկու հալածանքները սփիւռքի ցանուցիր, ծփուն ու մոլար մտաւորականութեան համար: Կը պակսի միութիւնը նոյնիսկ այդ հայրենասիրութեան կէտին վրայ։

Այսպէս ո՛չ հաւատք, ո՛չ սէր մեր շուրջը՝ ոչ յարգանք իրարու հանդէպ՝ ցեղի մը այս վերջալոյսին մէջ իսկ: Այլ մէկը միւսին գլխուն զարնելու երեխայական սնափառութիւն: Մէկը միւսին հրամայելու մեծամոլութիւն մը, առանց դատողութեան, խղճահարութեան եւ ազգասիրութեան: Հայհոյանք: Կամ լորձնաշուրթն փառաբանութիւն։ Աստուածացում ոչնչութիւններու, որոնց բախտը կամ դժբախտութիւնը եղած է այս կամ այն կուսակցութեան պատկանիլ: Պակաս՝ դատողութեան եւ մտածումի: Խաչելութիւն՝ դատողին եւ մտածողին: Մեղադրանք քոմփլեքս տ՚էնֆէրիորիթէի (ստորակայութեան բարդոյթ) անոր, nր ցեղին վէրքերը կ՚ուզէ մատնանշել: Բայց իրապէս քոմփլեքս տ՚էնֆէրիորիթէ մը՝ գորտին պէս, երբ մեր պատմութիւնն ու մշակոյթը կը բռնենք մեծ ազգերու մշակոյթներէն վեր: Ինքնախաբէութիւն: Ժողովուրդը շլացնելու ճարտարութիւն: Հայրենասէր երեւալու դաւաճան համբութիւն: Իմացական մղձաւանջ մը։ Քայքայում մը վերէն վար: Ֆուառ (տօնավաճառ) իր այլազան ֆաքիրներով, աճպարարներով եւ մարգարէներով: 

Կարելի է տխրիլ միայն, գթալ, ափսոսալ խաթարուող արժէքներուն, կենսունակ ժողովուրդին, ցաւիլ կազմակերպչական ուժին պակասին համար, ձեռքին՝ որ պիտի կրկնապատկէր այդ արժէքներն ու առաքինութիւնները։ Եւ երբ, քաշուելէ վերջ պահ մը մեր հոգւոյն հեռաւոր սահմաններուն վրայ, հոն ուր յաւիտենականութիւնը կը հալածէ մեզ՝ երրորդ ուրացումով մը, ցայտուն դարձնելով անցողականութիւնն ու ոչնչութիւնը մեր եւ մեր արարքներուն, կը վերադառնանք կարօտ՝ ազգային իրականութեան մը՝ կը տեսնենք դառն խեղկատակութիւն մը միայն: Ո՛չ մէկ բան կը յուսանք…: Բայց կը ցաւինք հաստատելով, թէ այդ բոլորը կրնային ապրիլ հաշտ եւ գիտակից՝ իրենց ճակատագրին, զերծ չարամիտ ուրացումներէ կամ անգիտակից մոլեռանդութենէ, շինարար: 

Ճառախօսը պիտի տայ այն, ինչ որ կը պահանջէ ժողովուրդը եւ ոչ թէ այն, ինչ որ պէտք է տալ անոր: Իր նպատակն էր երեւալ: Ան գոհ ու հպարտ է իր խլած ծափերուն կամ արցունքներուն համար: Ամենէն երջանիկ մարդն է:

Պիտի գրուի այն, ինչ որ հաճելի է։ Ուրիշ մը պիտի զուարճացնէ հասարակութիւնը։ Ուրիշ մը վսեմութիւն պիտի ծախէ: Եւ ամէն ինչ պիտի շարունակուի դարերու սովորութեամբ, առանց սրբագրութեան, Փարիզի մէջ իսկ, խառնակ՝ մեզի պէս, բայց ուր այնքան հնարաւորութիւններ կան մտքերը սրելու համար:

***

Կը տեսնենք մեր մէջ մեզի իսկ անծանօթ աշխարհ մը՝ ուրկէ կու գան մեր ուժերն ու տկարութիւնները։ Ու ազգային կամ միջազգային առաքելութիւնները կ՚ըմբռնենք ոչ թէ կոյր մոլեռանդութեամբ եւ ինքնահաւանութեամբ, այլ խորհելով առաւելագոյն երջանկութիւն մը դարձնել անհեթեթ խաղը կեանքին, որ կ՚անցնի, վայրկեան մըն է: Ընել զայն նուազ տաղտկալի՝ նուազ ահաւոր ազգին եւ ժողովուրդներուն համար, վայել՝ մարդկային հպարտութեան:

Մեզի համար պարզ է հիմա, թէ սփիւռքը պիտի կրնայ բուժուիլ այնքան ատեն, որ կան անոնք, աւելի ցամաք եւ այպանելի՝ քան ամենէն յետին սողացողը Խորհրդային Հայաստանի։ Մեզի համար պարզ է նոյնպէս, թէ համայնավարութիւնն ալ, բոլոր հին վարդապետութիւններուն պէս, պիտի քայքայուի եւ այլասերուի քիչ քիչ՝ իր մէջ առնելով, կամ իրեն օժանդակ դարձնելով նման տարրեր: Սփիւռքը կրնայ ի վերջոյ չէզոքացնել զանոնք, երբ, իր առողջ տարրերը դադրին զբաղելէ Հայաստանով եւ խորհին միայն գաղութներուն ճակատագրին, ազգապահպանման եւ արեւմտահայ մշակոյթին: (Ցաւալի է մաքառիլ դարերով, սպասել, յուսալ, երազել սերունդներով, պայքարիլ, նահատակուիլ եւ ունենալ վերջապէս հայրենիք մը՝ որ մղձաւանջի աչքերով կը նայի մեզի, եւ մենք, հիասթափ՝ ստիպուած կ՚ըլլանք խեղդել մեր մէջ զայն օտարութենէն գերադասելու գիտակից մխիթարութիւնն իսկ): Բայց մարքսիզմը չի կրնար փրկուիլ դրամատիրական վտանգէն: Պիտի դառնայ oր մը, եթէ նոյնիսկ իշխէ աշխարհին վրայ, դրամատէրերու ծառայող վարդապետութիւն մը, ինչպէս եղան քրիստոնէութիւնն ու ընկերվարութիւնը, որոնք իրենց դրախտն ու իտէալներն իսկ ծախեցին եւ մոռցան զրկուածները, ենթարկուելով ամենակարող դրամատէրերուն: Մարքսիզմը, միւսներուն պէս, կը մոռնայ եւ կ՚ուրանայ հայութիւնն ալ…: 

Ուրիշ անխուսափելի նահանջ մը՝ այդ նոր վարդապետութեան գրական ըմբռնումներուն մէջ։ Կարելի չէ տաղանդ հասցնել ֆորմիւլներու համաձայն եւ չիյնալ տափակութեան մէջ՝ որմէ խամրեցաւ աշխարհի քրիստոնէական գրականութիւնը եւ մերը՝ Նարեկացիէն վերջ: Կարելի չէ խեղդել գրողին անձնականութիւնը՝ միակ փաստը իր տաղանդին: Անխուսափելի է որակին անկումը, կեղծիքը, վարդապետական ծամծմոցը, երբ կառավարութիւն մը քիթը կը կոխէ արուեստներուն մէջ, զանոնք իր քաղաքական կառքին լծելու համար: Իրապաշտ գրականութիւնը, դաստիարակիչը, ժողովուրդին համարը, ազգայինը չեն կրնար արդարանալ իրենց ծառայութիւններով, երբ կը թաղեն բացառիկ հոգիներու ներքին հարստութիւններն ու ընդդիմադիր, յեղափոխական, յեղաշրջող նկարագիրները: Տաղանդը չի գոհանար մարդկային կամ ազգային առաքելութեամբ միայն, ան կը ձգտի պեղել նաեւ իր անհատական կալուածները: Անշուշտ, հաւաքականութեան մաս կազմող էակ մըն է ան: Բայց միաւոր մը՝ նաեւ՝ իր մէջ ունենալով հաւաքականութիւնը։ Ո՞վ կրնայ ըսել, թէ աշխարհի վրայ մարդ ինքզինքը չի մտածեր ամենէն առաջ։ Ո՞վ կրնայ հերքել մեր յաւիտենական այդ եսասիրութիւնը: Ինչո՞ւ այդ իրականութիւնը ծածկելու պարտադիր կեղծիքը, ձախողած՝ քրիստոնէութեան մէջ իսկ։ Եւ ո՞վ կ՚ըսէ, թէ տաղանդ մը որ իր եսէն կը խօսի, օգտակար չէ մարդկութեան եւ ազգին, որովհետեւ իր գիրքերը մատչելի չեն զանգուածին եւ ընդհանրական չեն իր նիւթերը։ 

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Փետրուար 4, 2026