ԼԻԲԱՆԱՆ ՆՈՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԴԷՄ ՅԱՆԴԻՄԱՆ. ԱՐԻՒՆԱԼԻ ՃԱՀԻ՞Ճ, ԹԷ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ
Ո՛չ ոք կը մտածէր, որ Լիբանան կը յայտնուի նոր պատերազմի մը մէջ։ Նախ անոր համար, որ Լիբանանի մէջ Իրանի ռազմական թեւը՝ «Հիզպուլլահ»ը գործընկերներուն կերպով մը խոստացած էր, որ ինչ ալ պատահի, ինք հեռու պիտի պահէ Լիբանանը թէժ զարգացումներէ ու պիտի չդիմէ նոր արկածախնդրութիւններու։ Թեհրանի դէպքերը, սակայն, եղան շատ աւելի ծանրակշիռ՝ քան ինչ որ կը սպասուէր։
Եւ ժամկէտի առումով, նաեւ տրամաթիք զարգացումներու տեսակէտէ «Հիզպուլլահ» յայտնուեցաւ մեծ անակնկալներու առջեւ, որոնց մեծագոյնը, անշուշտ, Իրանի հոգեւոր առաջնորդին՝ Այեթուլլահ Խամանէյի սպանութիւնն էր, որ շիիներուն, բայց, մանաւանդ՝ Իրանի ռազմական թեւերուն համար համարուեցաւ դարակազմիկ իրադարձութիւն։
Այդ սպանութիւնը, արդարեւ, դարձաւ դարձակէտ, որուն վրայ յենելով «Հիզպուլլահ» երկուշաբթի արեւածագին հարուածեց Իսրայէլի Հայֆա քաղաքը։ Մեծ թիւով լիբանանցիներու մօտ գոյութիւն ունի այն վարկածը, ըստ որու՝ «Հիզպուլլահ» իրական առիթ մը տուաւ, որպէսզի Իսրայէլ բանայ Լիբանանի դէմ ճակատը. վարկած մը, որ յառաջ կը քշուի համալիբանանեան բաւական լարուած յոյզերու ներքեւ, որովհետեւ երկիրը նախքան պատերազմի սկսիլը՝ ունէր բաւարար մտահոգիչ եւ ծանր հանգամանքներով ագուցուած ներքին օրակարգեր։
Տնտեսական երեսակ, ընկերային երեսակի առընթեր, խորքային անհանգստութիւն, դրամատուներու աւանդներու խնդիր, անցեալ պատերազմէն փլատակ դարձած հարաւային հարիւրաւոր գիւղեր ու աւաններ։ Տակաւին ասոնց վրայ պէտք է բարդել Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի հինգ դիրքերու գրաւման երեւոյթը, ամէնօրեայ անապահովութիւն՝ պայմանաւորուած Իսրայէլի հարուածներով ու վերջապէս, ներքին անապոհովութեան հարց ու ներքին քաղաքական լարուած իրականութիւն։
Ահա՛, այս բոլորին հետ Լիբանան արդէն մտած է պատերազմի մը նոր փուլը, որուն նաեւ կը զուգակցի «Հիզպուլլահ»ի դէմ ներքին անվստահութեան մեծ խնդիրը։ Լիբանանի մէջ զոհերուն թիւը հատած է յիսունի սահմանը, կան հարիւրաւոր վիրաւորներ եւ հազարաւոր գաղթականներ։ Տագնապի հեռանկարը ցարդ երեւելի չէ ու իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ մշուշոտ։
Ճիշդ է, որ Լիբանանի վարչապետ Նաուֆ Սալամ, կողքին ունենալով երկրի նախագահ Ժոզէֆ Աունը, ի վերջոյ կարողացաւ յայտարարութիւն մը լոյսին տալ՝ նշելով, որ այսուհետեւ «Հիզպուլլահ»ի համար արտօնելի չէ ունենալ ռազմական-զինուորական գործունէութիւն, սակայն, եկուր տես, որ խնդիրը հիմա ո՛չ թէ այդ որոշումին հրապարակումն է, այլ գործադրութիւնը։
Լիբանանցիներու մեծամասնութիւնը (նոյնիսկ շիի համայնքի հազարաւոր անդամներ) լաւապէս հասկցած են, որ «Հիզպուլլահ» առաջուան ազդեցիկութիւնը չունի, չունի նաեւ անցեալի ուժը, նեցուկը եւ պատրաստուածութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, նոյն կազմակերպութիւնը կը շարունակէ մնալ տիրական երկրի մը մէջ, որուն բանակը չունի իսկական կարողութիւն՝ իր ձեռքին մէջ պահելու երկրի անդորրը ու մանաւանդ՝ պատերազմ մղելու կամ խաղաղութիւն տարածելու իրական որոշումը։
Եթէ մինչեւ այս փուլը որոշ խաւեր, քաղաքական գործիչներ, հասարակութեան մէջ շարժիչ ուժ հանդիսացող կողմեր երկմտանքով կը խօսէին «Հիզպուլլահ»ի ժխտական դերին ու անոր ընտրանքներու վնասակարութեան մասին, ապա այսօր անոնք բացայայտ կերպով կը քննադատեն զայն։
Այս բոլորը իմանալէ ետք, անշուշտ, հարց կը ծագի, որ Լիբանանի պետութիւնը պիտի կարողանա՞յ իրապէս նախաձեռնութիւն մը ձեռք առնել ու «Հիզպուլլահ»ը զսպելէ անդին՝ բաց խօսակցութիւն ունենալ թէ՛ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ թէ Իսրայէլի հետ։ Յառաջիկայ օրերը ջրբաժան են Լիբանանի համար՝ կա՛մ երկիրը կը մտնէ բարեփոխութիւններու իրական փուլը եւ կամ այն իրապէս կ՚ընկղմի՝ մեծ տիղմեր եւ արիւն պարունակող ճահիճի մը մէջ։
Ու ամենակարեւոր վտանգը, որ այսօր կը սպառնայ Լիբանանին՝ ներքին արիւնահոսութեան եւ բախումներու հաւանականութիւնն է, որ հալածող ուրուական մը ըլլալէ դադրելով՝ դարձած է շատ շօշափելի եւ ամէն օր մօտեցող վտանգ մը։
Յոյսը, անշուշտ, ամօթով պիտի չձգէ լիբանանցիները, սակայն, ամենակարեւորը այն է, որ այդ յոյսի պատուհանը բացուի ձեռամբ «Հիզպուլլահ»ի, որ մանաւանդ այս փուլին պարտաւոր է Լիբանանի շահերը աւելի վեր դասեր՝ քան Իրանի «յեղափոխութիւն»ն ու անոր գաղափարները։
Տեսնենք...։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան