Չորեքշաբթի 15, Հոկտեմբեր 2025
ԱՌԱՍՊԵԼԱԿԱՆ ԽՄԲԱՎԱՐԻ ՄԱԿԱՆԻՆ ՆԵՐՔԵՒ ՀԱՄԵՐԳ
Երեւանի մէջ մշակութային կեանքը եռուն է այս շրջանին՝ մանաւանդ երաժշտական ձեռնարկներով։ Վերջին օրերու փառաշուք համերգներու շարքը համալրուեցաւ՝ Մարինեան թատրոնի սենֆոնիք նուագախումբի ելոյթով։ Ռուսաստանի ամենայաւակնոտ նուագախումբերէն մին է այս մէկը, որ հանդէս եկաւ Օփերայի երդիքին տակ։ Երեկոյթին բացառիկ իմաստ մը վերագրեց այն հանգամանքը, որ նուագախումբը յայտագիրը գործադրեց՝ առասպելական խմբավար Վալերի Կերկիէրի մականին ներքեւ։
Համերգի եզրափակիչ փուլին հնչած որոտընդոստ ծափահարութիւնները արդէն յաւելեալ խօսքի մը տեղ չթողեցին արձանագրուած յաջողութիւնը բացատրելու համար։
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2025