ԷՐՏՈՂԱՆ-ԹՐԱՄՓ ԶՐՈՅՑ
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ երկու ղեկավարները անդրադարձան Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններու ընթացքին։ Թուրքիա-ԱՄՆ առանցքին վրայ օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Կազզէի կացութիւնը։ Կը հաղորդուի, որ ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է այս հեռախօսազրոյցը, որու ընթացքին Էրտողան շեշտած է, որ թրքական կողմը թափ տուած է խաղաղութեան ուղղեալ դիւանագիտական ջանքերուն։
Թրամփի հետ զրուցելու ժամանակ Էրտողան ընդգծած է նաեւ, որ Թուրքիա համաշխարհային խաղաղութեան տեսլականին նպաստել պիտի շարունակէ։ Իր խօսքով՝ Իսրայէլի յարձակումներուն վերջ գտնելը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ՝ տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ նախաձեռնութիւններու յաջողութեան տեսակէտէ։
Երկու ղեկավարները անդրադարձան նաեւ մօտաւոր անցեալին Ուաշինկթընի մէջ, Սպիտակ տան երդիքին տակ իրենց ունեցած հանդիպման։ Արդարեւ, Օվալաձեւ գրասենեակի այդ տեսակցութիւնը ամրապնդած է երկկողմանի յարաբերութիւնները։ Այս փուլին կողմերը կարեւոր կը համարեն համագործակցութեան ամրապնդման ուղղեալ քայլերը՝ ներառեալ պաշտպանական արդիւնաբերութեան բնագաւառը։
Հուսկ, նախագահ Էրտողան դիտել տուած է, որ Կազզէի գլխաւորութեամբ ամբողջ տարածաշրջանի խաղաղութեան ապահովման համար Թուրքիա խտացեալ ջանքեր կը գործադրէ եւ այս նպատակին ուղղեալ բոլոր նախաձեռնութիւններն ալ կը նկատէ ողջունելի։