ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՎՃԻՌ

Հայաստանի դատական մարմինները, դժբախտաբար, հասարակութեան խիղճը կը վիրաւորեն՝ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ։ Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Շիրակի թեմակալ առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան երկու տարի բանտարկութեան դատապարտուեցաւ։ Սա վերջնական վճիռն է երկրի դատական մարմիններուն։ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան շուրջ երկու ամիս է արդէն ձերբակալուած եւ կալանաւորուած էր։

«Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, դատաւոր Արմինէ Մելիքսեթեան երկու ամիսէ աւելի քիչ ժամանակի մը ընթացքին յանգեցաւ Նորին Սրբազնութիւնը բանտարկելու դատավճռին։ Նախորդ նիստերու ժամանակ դատախազը պահանջած էր երկուքուկէս տարուան ազատազրկում եւ երէկուան վերջնական դատավճիռով սրբազանը մեղաւոր ճանչցուեցաւ Հայաստանի Քրէական օրէնսգրքի 442-րդ յօդուածի երկրորդ մասով։ 

Դատավճիռը բուռն արձագանգի արժանացաւ, դատական նիստի դահլիճի ներկաները ամօթանքի խօսքեր ուղղեցին դատաւորին։ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան, որ ամբողջ դատավարութեան ընթացքին կը յայտնէր, թէ ինքզինք մեղաւոր չի ճանչնար իշխանութիւնը բռնագրաւորելու կոչի մեղանդրանքին համար, երէկ ալ դահլիճի ամենահանգիստ անձնաւորութիւնն էր։ Ան ժպիտով վերաբերուեցաւ իրեն դէմ արձակուած վճռին եւ վերջաւորութեան հեռանալու ժամանակ ձեռքով բարեւեց իր աջակիցները՝ յայտնելով, որ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ։ 

Դատարանը նախորդ շաբաթ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը մեղաւոր ճանչցած էր եւ յաւելեալ դատավարութենէ յետոյ պատժաչափը երէկ արդէն հրապարակեց։ 

Փաստացի դատավարութիւնը տեւեց մէկուկէս ամիս։ Այս ընթացքին ապացոյցներու հետազօտութիւն կատարուեցաւ, հինգ պաշտպանական ճառ, երկու մեղադրական ճառ, վերջին խօսք հնչեցին, եւ այլն։ Նաեւ դատավարութեան արագ ընթացի հանգամանքը հաշուի առնելով՝ փաստաբանական խումբը եւ մեղադրեալ սրբազանը ամբողջ ընթացքին կը պնդէին, որ սա քաղաքական հետապնդման մը հետեւանքն է։ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան աւելի առաջ յայտնած էր, որ այս բոլորը կը տեղաւորուի իշխանութեան «եկեղեցահալած քաղաքականութեան» շրջանակին։

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան ատեանին կողմէ արձակուած դատավճռին անմիջապէս արձագանգեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը երէկ այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2025