ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔՈՎ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ ՄԸ

Հայաստանի Պետական սենֆոնիկ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար ու խմբավար մաէսթրօ Սերկէյ Սմբատեան բացառիկ վերաբերմունքի արժանացած է՝ իր մարմնաւորած արուեստագէտի կերպարով։ Այսպէս, ԻՒՆԻՍԷՖ-ի կողմէ ան նշականուած է ազգային դեսպան։ Սա պատուաբեր կոչում մըն է, զոր ԻՒՆԻՍԷՖ-ի անունով Քրիստին Ունիկանտի կողմէ յանձնուած է Սերկէյ Սմբատեանին։ Հարկ է նշել, որ ան արդէն վերանշանակուած է այս դիրքին մէջ։ 

Մաէսթրօ Սերկէյ Սմբատեանին այս պատուաբեր կոչումը յանձնուած է Երեւանի «Կրանտ» պանդոկի համալիրէն ներս կազմակերպուած մասնաւոր հանդիսութիւնով մը։

 

Հինգշաբթի, Մարտ 5, 2026