ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄՆԵՐ

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ վերջերս հիւրընկալուեցաւ յայտնի գործարար Քարլոս Ղոսն, որ միջազգային բեմահարթակի վրայ կը վայելէ մեծ համբաւ։ «Ղեկավարութիւն, եղափոխութիւն եւ համաշխարհային ռազմավարութիւն. Հայկազեան համալսարանի բարձր մակարդակի ղեկավարի երկխօսութիւն» ծրագրի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը։

Հայկազեան համալսարանի տնտեսագիտութեան ֆաքիւլթէի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս հաւաքոյթը, որ արժանացաւ ունկնդիրներու մօտիկ հետաքրքրութեան։ Իսկապէս հոծ բազմութիւն մը հետեւեցաւ Ղոսնի ելոյթին, որու ընթացքին ան անդրադարձաւ ձեռներէցութեան, ղեկավարութեան, հաստատութենական եղափոխութեան եւ համաշարհային ընկերութիւններու ապագային վերաբերեալ զանազան նիւթերու։ Հարկ է նշել, որ այս բոլոր ուղղութիւններով Քարլոս Ղոսն ունի մասնագիտական ուսումնասիրութիւններ։

Հաւաքոյթին ներկայ էր նաեւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի տքթ. Փոլ Հայտոսթեան, որ ձեռնարկի աւարտին շնորհաւորեց ատենախօսը՝ յանձնելով յուշանուէր մը։ 

Հինգշաբթի, Մարտ 5, 2026