ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆ ՆՈՅՆԱՆՄԱՆ ԸՆԿԱԼՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԻՆ TRIPP-Ի ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասի դժուարին պատմական ճակատագիրը յաղթահարելու համար շատ մեծ հնարաւորութիւն մը ստեղծուած է։

Նիկոլ Փաշինեան երէկ աւարտեց դէպի Թիֆլիզ աշխատանքային այցելութիւնը, իսկ Երեւան վերադարձին Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ՝ կառավարութիւն-խորհրդարան հարցուպատասխանի ժամանակ։ «Հրաժարուեցանք անվտանգութեան երաշխիքներէն ու դարձանք պետութիւն», յայտարարեց խորհրդարանի ամպիոնէն վարչապետը՝ աւելցնելով, որ TRIPP-ի վերաբերեալ Հայաստանի եւ Վրաստանի ընկալումները համանման են։

Փաշինեան Թիֆլիզ այցելութեան ընթացքին Վրաստանի ղեկավարութեան ներկայացուցած է՝ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններ։

Իր կարգին, Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէն ալ յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրը ամուր հինք մը կը ձեւաւորէ տարածաշրջանային կայունութեան տեսակէտէ։

Միւս կողմէ, Թիֆլիզի մէջ, երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մաքա Պոչորիշվիլիի միջեւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը։ Երկկողմանի օրակարգին անդրադառնալու առընթեր, նախարարները կանգ առին նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ստեղծուած իրավիճակին վրայ։

Հինգշաբթի, Մարտ 5, 2026